Մարզական

Ռէալ Մատրիտի Նախագահը 2025-ի Ամրան  Պիտի Հեռանայ Իր Պաշտօնէն

Ռէալ Մատրիտի Նախագահը 2025-ի Ամրան Պիտի Հեռանայ Իր Պաշտօնէն

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես 2025-ի ամրան պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, երբ աւարտի իր պայմանագրութեան ժամկէտը: Նշուեցաւ, որ Փերես «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտի վերակառուցման աւարտը իր վերջին մեծ պարտքը կը նկատէ ակումբին նկատմամբ: 75 տարեկան սպանացին արքայական ակումբի նախագահի պաշտօնը կը վարէ յունիս 2019-էն ի վեր: Նշենք, որ ան 2000-էն 2006-ին եւս եղած է ակումբի նախագահը:  

Ա. Էս. Ռոմա Կը Փափաքի Երկարաձգել  Տիպալայի Պայմանագրութիւնը

Ա. Էս. Ռոմա Կը Փափաքի Երկարաձգել Տիպալայի Պայմանագրութիւնը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը փափաքի իր համագործակցութիւնը շարունակել աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալայի հետ: Նշուեցաւ, որ հռոմեան ակումբը շուտով պիտի սկսի իր բանակցութիւններուն` 29 տարեկան Տիպալայի նոր պայմանագրութեան գծով: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններուն, ակումբը անոր պիտի առաջարկէ երեք տարուան նոր պայմանագրութիւն մը` աշխատավարձի բարձրացումով (տարեկան 6 միլիոն եւրօ): Տիպալա, որ նախորդ ամառ միացաւ...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը  Ներկայացուց «Ատիտաս» Մարզաշապիկը

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Ներկայացուց «Ատիտաս» Մարզաշապիկը

Վերջին քսան տարիներուն Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որ համագործակցեցաւ «Փումա»-ի հետ, 2023-ին ունեցաւ նոր հովանաւոր մը` «Ատիտաս»-ը: Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց Իտալիոյ ազգային խումբի նոր մարզաշապիկին շնորհահանդէսը: Իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն ընթացքին Իտալիոյ մարզաշապիկին գոյնը պիտի ըլլայ կապոյտ, իսկ օտար դաշտի վրայ տեղի ունենալիք մրցումներուն անիկա պիտի կրէ ճերմակ մարզաշապիկ: Նոր տնային մարզաշապիկով առաջին անգամ ըլլալով պիտի խաղայ Իտալիոյ 18...

Թենիս. Աւստրալիոյ  Բաց Մրցաշարք.  Նովաք Ճոքովիչ Ապահովեց  Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Նովաք Ճոքովիչ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-3, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց միջազգային դասաւորման 75-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռոպերթօ Քարպալես Պայենային: Միջազգային դասաւորման 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող, իսկ այս մրցաշարքին գծով 4-րդ դասուած Ճոքովիչի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս-Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս-Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 17 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Պիպլոս-Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժիպէյլի Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:30-ին: Ցարդ իր կատարած մրցումներուն, 12-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող Պիպլոս ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած 12 պարտութիւն, մինչ երրորդ...

Ազրպէյճանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը  Բողոք Պիտի Ներկայացնէ Հենրիխ  Մխիթարեանի Տեսանիւթին Դէմ

Ազրպէյճանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Բողոք Պիտի Ներկայացնէ Հենրիխ Մխիթարեանի Տեսանիւթին Դէմ

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը պատրաստուի դիմել «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի վերջին հարցազրոյցին կապակցութեամբ: Ազրպէյճանական կողմը «սադրանք» որակեց Մխիթարեանի քայլը եւ նշեց, որ արդէն իսկ սկսած է համապատասխան քայլերու ձեռնարկել, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին դիմելու համար: Նշենք, որ իտալական...

Բենիկ Խլղաթեան-Էլմիրա Կարապետեան  Զոյգը Արծաթ Մետալի Տիրացաւ Սլովենիոյ Մէջ

Բենիկ Խլղաթեան-Էլմիրա Կարապետեան Զոյգը Արծաթ Մետալի Տիրացաւ Սլովենիոյ Մէջ

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սլովենիոյ Ռիւսէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «ԷՍ. ԷՍ. ԷՖ. ԿՐԱՆՏ ՓՐԻ» նշանառութեան միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի Բենիկ Խլղաթեան-Էլմիրա Կարապետեան խառն զոյգը, օդամղիչ ատրճանակի 10 մեթրի մրցումներուն գրաւեց երկրորդ դիրքը` տիրանալով արծաթ մետալի: Ինչ կը վերաբերի 10 մեթրի անհատական մրցումներուն,Կարապետեան գրաւեց 7-րդ դիրքը, իսկ Խլղաթեան` 10-րդ դիրքը: Մարզիչ Անդրանիկ Այվազեանի գլխաւորած կազմը հոնկէ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արազ Օզպիլիս` Ուրարտուի  Ֆութպոլիստ

Հայկական Ֆութպոլ. Արազ Օզպիլիս` Ուրարտուի Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի ֆութպոլիստ Արազ Օզպիլիս, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ երեւանեան ակումբին հետ: 32 տարեկան Օզպիլիս, որ վերջերս հեռացաւ Փիւնիկ երեւանէն, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է Այաքս Ամսթերտամի հետ (Նետերլանտներ): Ան մաս կազմած է նաեւ Սպարտակ Մոսկուայի, Ռայօ Վայեքանոյի, Պեշիքթաշի, Շերիֆ Թիրասփոլի եւ Ուիլեմ-Բ.-ի:  

Իտալական Ֆութպոլ.  Ա. Սէ. Միլան Եւ Ինթեր Միլան  Հասան Սէուտական Արաբիա

Իտալական Ֆութպոլ. Ա. Սէ. Միլան Եւ Ինթեր Միլան Հասան Սէուտական Արաբիա

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան եւ փոխախոյեան Ինթեր Միլան հասան Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքը, ուր տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը: Իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին` Ինթերի հետ Սէուտական Արաբիա հասաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Արդէն իսկ խումբերը սկսան իրենց փորձերուն` հոն ժամանելէ կարճ ատեն մը ետք: Երկու կազմերուն միջեւ մրցումը տեղի պիտի...

Պենզեմա Իր Պայմանագրութիւնը  Պիտի Երկարաձգէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Պենզեմա Իր Պայմանագրութիւնը Պիտի Երկարաձգէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ եւ ֆրանսացի 35 տարեկան յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա համաձայնութեան եկան պայմանագիրի երկարաձգման գծով, այս մասին յայտնեց «Ֆութ Մերքաթօ»: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2024: Պենզեմայի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր այս տարուան յունիսին: Ֆրանսացին, որ 2009-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ մայրաքաղաքի կազմին հետ, նախորդ տարի տիրացաւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի «Ոսկեայ...

Հերվէ Ռենար Կրնայ Գլխաւորել  Ֆրանսական Նիսը

Հերվէ Ռենար Կրնայ Գլխաւորել Ֆրանսական Նիսը

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Հերվէ Ռենար, շատ հաւանական է, որ գլխաւորէ ֆրանսական Նիս ֆութպոլի ակումբը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ»-ը: Նշուեցաւ, որ 54 տարեկան ֆրանսացին կը դիտարկէ աշխատանքները համատեղելու տարբերակը: Քոտ Տ՛Ազիւր»-ի խումբին պատասխանատուները նախորդ 10 յունուարին պաշտօնանկ ըրին ակումբի գլխաւոր մարզիչ, զուիցերիացի Լիւսիեն Ֆաւրը, երբ Նիս Գ. դասակարգի Լը Փիւյ խումբէն պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց Ֆրանսայի...

Թուխել Շատ Հաւանաբար  Վերադառնայ «Փրեմիեր Լիկ»

Թուխել Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ «Փրեմիեր Լիկ»

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Ուեսթ Համ կազմած է չորս մարզիչներէ կազմուած ցանկ մը, որոնցմէ մէկը պիտի փոխարինէ Տէյվիտ Մոյեսը` գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու համար: Այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած են Չելսիի նախկին մարզիչ Թոմաս Թուխել եւ Թոթենհամի նախկին գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ: Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ուեսթ Համ, որ ցարդ ապահոված...

Նաւաս Կրնայ Դառնալ  Ռոնալտոյի Խմբակիցը

Նաւաս Կրնայ Դառնալ Ռոնալտոյի Խմբակիցը

Սէուտական Արաբիան ներկայացնող Նասըր ֆութպոլի խումբը, ուր հանդէս կու գայ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, կը փափաքի իր կազմին միացնել Քէյլոր Նաւասը: Նկատի ունենալով, որ Նասըրի բերդապահ Տաւիտ Օսփինա (Քոլոմպիա) նախորդ շաբաթավերջին լուրջ վնասուածք ստացաւ, արաբական ակումբը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կ՛ուզէ նոր բերդապահով մը օժտուիլ: Նշուեցաւ, որ 36 տարեկան քոսթառիքացի բերդապահին փոխանցումը մինչեւ այս շաբաթավերջ...

Պասքեթպոլ.  Լեպրոն Ճէյմսի Կարեւոր Նուաճումը

Պասքեթպոլ. Լեպրոն Ճէյմսի Կարեւոր Նուաճումը

Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող ամերիկացի անուանի պասքեթպոլիստ Լեպրոն Ճէյմս, որ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց 35 կէտ, կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգեց: Այսպիսով, 38 տարեկան Ճէյմս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի պատմութեան ամէնէն շատ կէտ նշանակած Քարիմ Ապտուլ-Ժապարէն ետք երկրորդ խաղացողն է, որ գերազանցեց 38 հազար կէտը: Ան նշանակեց իր 38,001-րդ կէտը,...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  13 Դաշտերու Վրայ Մրցումները  Ընդհատուեցան

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. 13 Դաշտերու Վրայ Մրցումները Ընդհատուեցան

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթասկիզբին, մեկնարկը տրուեցաւ տարուան առաջին կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին` Աւստրալիոյ թենիսի բաց ախոյեանութեան, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումներէն ոմանք: Մրցաշարքին երկրորդ օրը սակայն, 13 դաշտերու վրայ, մրցումները ընդհատուեցան բարձր ջերմաստիճանին պատճառով, այս մասին յայտնեց մրցաշարքին պաշտօնական կայքը: Մրցաշարքը, որուն մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 51 միլիոն ամերիկեան տոլար, իր աւարտին կը հասնի 28 յունուարին:  

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտուեցաւ, Բայց Ապահովեց  «Ֆայնըլ Սիքս»-ի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտուեցաւ, Բայց Ապահովեց «Ֆայնըլ Սիքս»-ի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատաքայի դաշտին վրայ մրցեցաւ «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.»-ի դէմ, անկէ կրեց 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեց Սերժ Գույումճեան (14-րդ եւ 29-րդ): Սակայն հակառակ իրենց կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ-ի տղաքը ապահովեցին «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումներուն իրենց տոմսը` գրաւելով դասաւորման 6-րդ դիրքը: Նշենք, որ ՀՄԸՄ արձանագրելով 5 յաղթանակ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Պէյրութ Եւ Պէյրութ` Յաղթական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Պէյրութ Եւ Պէյրութ` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 13-րդ հանգրուանի վերջին երկու մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սաժես Պէյրութ, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը, արձանագրեց քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը, 80-74 արդիւնքով (20-21, 20-14, 21-20 եւ 19-19): Յաղթական կազմէն բացառիկ ելոյթ մը ունենալով` Քլիֆ Ալեքսանտր տապըլ տապըլ մը իրագործեց (34 կէտ, 20 ռիպաունտ):...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  Գործող Ախոյեան Պետրոսեանի  Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Գործող Ախոյեան Պետրոսեանի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ կատարուող Հայաստանի տղոց ճատրակի 83-րդ ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի գործող ախոյեան Մանուէլ Պետրոսեան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` ճերմակ քարերով պարտութեան մատնելով Մամիկոն Ղարիբեանը` 31-րդ շարժումին: Ան այժմ առանձինն կը գտնուի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ (երեք կէտով), մինչ անկէ կէս կէտով ետ կը մնայ Արամ Յակոբեան, որ սեւ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց...

Փիւնիկ Ֆութպոլի Բարեկամական  Վեց Մրցում Պիտի Կատարէ Թուրքիոյ Մէջ

Փիւնիկ Ֆութպոլի Բարեկամական Վեց Մրցում Պիտի Կատարէ Թուրքիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, 14 յունուարէն 13 փետրուարի ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Թուրքիոյ Պելեք քաղաքին մէջ: Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հաւաքին երկրորդ բաժինին ընթացքին նախատեսուած են ֆութպոլի բարեկամական վեց մրցումներ: Հայրենի կազմին մրցակիցները պիտի ըլլան Տնիփրօ-1 (Ուքրանիա, 21 յունուար), Մաքթաալար (Ղազախստան, 4 փետրուար), Վերես (Ուքրանիա, 4 փետրուար), Պալթիքա (Ռուսիա, 9 փետրուար), Օրենպուրկ (Ռուսիա, 13 փետրուար) եւ...

Վան Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Վան Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Վանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պոլիվիացի Հումպերթօ Վիվիանի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: Նախքան իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելը, 42 տարեկան մասնագէտը գլխաւորած էր Աթլեթիքօ Փալմաֆլորը (Պոլիվիա), որուն հետ ապահոված էր բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը: Պոլիվիացի մասնագէտին օգնականը պիտի ըլլայ սպանացի Նիքոլա Օչանտօ, որ գործակցած է պոլիվիական շարք մը ակումբներու հետ, որոնց կարգին`...

Page 331 of 1280 1 … 330 331 332 … 1,280

Արխիւներ