Ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, որ վերջերս միացաւ պրազիլական Կրեմիոյին, իր նորամուտի մրցումին դարձաւ հեթրիքի հեղինակ:
Սաօ Լուիսի դէմ տեղի ունեցած Ռեքոպա Կաուչա գերբաժակի մրցումին, 35 տարեկան ֆութպոլիստը իր երեք կոլերը նշանակեց մրցումին առաջին 38 վայրկեաններուն:
Մրցումը վերջ գտաւ Պարսելոնայի եւ Լիվըրփուլի նախկին ֆութպոլիստի կազմին` Կրեմիոյի յաղթանակով, 4-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ Կրեմիօ այս տարեշրջանի ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ` նկատի ունենալով, որ նախորդ տարեշրջանի աւարտին անիկա Բ. դասակարգէն բարձրացաւ Ա. դասակարգ:


