Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աոյեանութեան գործող ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Յովհաննէս Յարութիւնեանով մօտէն հետաքրքրուած է զուիցերիական Պալ խումբը, այս մասին յայտնեց «Թրանսֆերմարքթ»:
Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման հաւանականութիւնը, ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, 43 տոկոսով է սակայն:
23 տարեկան Յարութիւնեան, որ 2021-ի ամրան Արարատ-Արմենիայէն միացաւ Փիւնիկի, 14 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:
Հայրենի միջնապահը, որ մարտ 2022-ին իր նորամուտը նշեց Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ, ցարդ կատարած է միջազգային 6 մրցում:
Ըստ «Թրանսֆերմարքթ»-ի, անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 300 հազար եւրօ:


