Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ կատարուած ժիւտոյի ներքին ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, եղբայրներ Արտաշէս, Հայկ եւ Տիգրան Նազարբէկեաններ, տարբեր տարիքային դասակարգի մրցումներուն հանդիսացան տիտղոսակիր:
17 տարեկան Արտաշէս, 14 տարեկան Հայկ եւ 10 տարեկան Տիգրան, 2015-էն ի վեր մաս կը կազմեն ֆրանսական Կափ քաղաքին մէջ գտնուող «ԷՅ. ԷՍ. ՓԻ. ԹԻ. ԹԻ.» ակումբին, իսկ նախքան Ֆրանսա տեղափոխուիլը, անոնք այս մարզաձեւով զբաղած են հայրենիքի մէջ:
Այս ժամանակամիջոցին անոնք ունեցած են բազմաթիւ յաջողութիւններ:
Անոնք կը յայտնեն, որ թէեւ ցարդ ոչ մէկ առաջարկ ստացած են Հայաստանը ներկայացնելու համար, սակայն սիրով պիտի ուզեն ընդառաջել ատոր, անշուշտ եթէ իրենց ներկայացուի:
Նշենք, որ երեք եղբայրներուն հայրը` Յակոբ Նազարբէկեան, անցեալին եղած է Հայաստանի ժիւտոյի 16 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականի երկրորդ մարզիչը:
Իսկ տարիներ առաջ ան երեք անգամ ճանչցուած է Չարենցաւան քաղաքի լաւագոյն մարզիչ: