Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուողները ամրապնդեցին իրենց դիրքերը:
Տղոց մրցումներուն, Հայաստանի գործող ախոյեան Մանուէլ Պետրոսեան թէեւ ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սամուէլ Տէր Սահակեանի հետ, սակայն ան 4,5 կէտով կը շարունակէ առանձինն գրաւել առաջին դիրքը:
Անկէ 1,5-ական կէտով ետ կը մնան Տիգրան Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Արամ Յակոբեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան:
Այս հանգրուանին Տիգրան Յարութիւնեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, Մարիա Գէորգեան ճերմակ քարերով յաղթելով Սուսաննա Գաբոյեանին, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը (4 կէտ):
Անկէ կէս կէտով ետ կը մնայ Ասիա Եդիգարեան, մինչ երեք կէտ ունի Աստղիկ Յակոբեան: