Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աղջկանց հաւաքականը 2023 տարուան ուսումնամարզական առաջին հաւաքին սկսաւ Աբովեանի համալիրին մէջ:
Տղոց հաւաքականին նման աղջկանց հաւաքականը եւս իր ուսումնամարզական հաւաքը պիտի աւարտէ 29 յունուարին:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան հաւաքի հրաւիրած է տարիքային երեք դասակարգերու 15 ներկայացուցիչներ:
Անոր համաձայն, հայրենի երկսեռ մարզիկները պէտք է լաւապէս պատրաստուին 23 մարտին Ալպանիոյ մէջ սկսելիք աշխարհի ախոյեանութեան:
Ան շեշտեց, որ կարեւորը ոչ թէ մրցանակակիր դառնալն է, այլ Փարիզի ողիմպիական խաղերուն տոմս ապահովելը:
Ներսիսեան եզրափակեց նշելով, որ ուսումնամարզական հաւաքները շարունակական պիտի ըլլան: