Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Զգուշացուց Մարոնի Համայնքին Ստանձնած Պաշտօնները Դատարկութեան Մատնելու Դաւադիր Ծրագիրէ Մը

Յունուար 19, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը  եւ մարոնի եկեղեցին յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը Ռայի պատրիարքէն իմացաւ Մեծն Բրիտանիա կատարած անոր այցելութեան արդիւնքները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարը դատական իշխանութեան կողմէ հետաքննութեան ենթարկելու արգելակումները, ինչպէս նաեւ այս հարցին մէջ արձանագրուած քինախնդրութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջամուխ չըլլալու դատական ոլորտի լիազօրութիւններուն եւ աշխատանքներուն, այլ` առիթ տալու, որ ան գործէ եւ բացայայտէ նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող ճշմարտութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտավախութիւն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան աթոռին պարագային ստեղծուած թափուր դրութիւնը երկարատեւ կ՛ըլլայ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը անորոշ ժամանակով առկախելը յաւելեալ տառապանք կը պատճառէ լիբանանցիներուն, եւ ընդգծեց, որ պէտք է նկատի ունենալ սահմանադրական այս գործընթացին կարեւորութիւնը եւ յաւելեալ քանդում չպատճառել:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան կառավարութիւնը չի կրնար նիստ գումարել, որովհետեւ անիկա հակասահմանադրական է: Խորհուրդը շեշտեց, որ վարչապետը չի կրնար նախարարաց խորհուրդը նիստի հրաւիրել` առանց նախարարներուն հաւանութեան, ինչպէս նաեւ կարելի չէ հրամանագիրներ հրապարակել` առանց բոլոր նախարարներուն ստորագրութեան, այնպէս ինչպէս կը թելադրէ սահմանադրութեան 62-րդ յօդուածը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը զգուշացուց մարոնի համայնքին ստանձնած պաշտօնները դատարկութեան մատնելու դաւադիր ծրագիրէ մը, որ կը միտի Լիբանանի ինքնութիւնը փոփոխութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ կը միտի լիբանանեան պետութիւնը վերացնել:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն վատթարացման ուղղութեամբ եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն լուծումներու մասին մտածելու, նախքան ընկերային պայթումն ու ժողովրդային ապստամբութեան մը ստեղծումը:

 

Նախորդը

«Ինծի Համար Աւելի Դիւրին Է Թեկնածութիւնս Յետս Կոչել Խուսափելու Համար Մէկզմէկու Փշրելու Քաղաքական Մարտերէն» Շեշտեց Միշել Մուաուատ

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Պու Հապիպի

RelatedPosts

Ըմբշամարտ.  Արման Մուսիկեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արման Մուսիկեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Օգոստոս 21, 2025
Ճատրակ.  Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Սինքուիֆիլտ Բաժակը»
Մարզական

Ճատրակ. Արոնեան Յաղթանակով Սկսաւ «Սինքուիֆիլտ Բաժակը»

Օգոստոս 21, 2025
Ինչպէս Ատրիանօ «Ոչնչացաւ»
Մարզական

Ինչպէս Ատրիանօ «Ոչնչացաւ»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?