Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիտըրզ-Անդրանիկ Պէյրութ` 83-78

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիտըրզ-Անդրանիկ Պէյրութ` 83-78

Այսօր` «Էն. Էս. Էյ.»-Տինամօ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած Լիտըրզ-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը (Լուէյզիի մարզադաշտին մէջ) վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Լիտըրզի յաղթանակով, 83-78 արդիւնքով (28-22, 21-22, 15-15 եւ 19-19): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անդրանիկէն Ճորտըն Ճեքսըն (36), մինչ Լիտըրզէն 28 կէտ նշանակեց Տէյվիս Սթենլի, իսկ անոր խմբակից Ալեքսանտր...

Արցախի Շրջափակումը Դադրեցնելու  Կոչով Պաստառ` Շուէտ-Ազրպէյճան Մրցումին

Արցախի Շրջափակումը Դադրեցնելու Կոչով Պաստառ` Շուէտ-Ազրպէյճան Մրցումին

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի Բ. հանգրուանի Շուէտ-Ազրպէյճան մրցումին, բազմաթիւ շուէտահայեր ներկայ գտնուելով այս հանդիպումին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախահայութեան` թրիւպինին մէջ բարձրացնելով Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու կոչով պաստառ: Հայ համակիրներուն կողմէ պարզուած էին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները: Ինչպէս ծանօթ է, մրցումը վերջ գտաւ Շուէտի ազգային խումբին շռնդալից յաղթանակով` 5-0 արդիւնքով:  

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Դանիէլեան Եւ Սարգսեան Վերջին Հանգրուանէն  Առաջ Մէկական Կէտով Ետ  Կը Մնան Երկու Յառաջատարներէն

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Դանիէլեան Եւ Սարգսեան Վերջին Հանգրուանէն Առաջ Մէկական Կէտով Ետ Կը Մնան Երկու Յառաջատարներէն

Մոնթենեկրոյի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ, Հայաստանի վեց ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը այժմ արձանագրած են Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան, որոնք ունին 7-ական կէտ: Նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Դանիէլեան յաղթեց ուքրանացի Իննա Կապոնենքոյին, իսկ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց այլ ուքրանացիի մը` Նաթալիա Պուքսայի հետ: Յառաջատարներն են 8-ական կէտ ապահոված, վրացի Մերի Արապիցէ եւ լեհ...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Խումբը Սկսաւ Պատրաստուիլ  Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք  Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Կռփամարտ. Հայաստանի Խումբը Սկսաւ Պատրաստուիլ Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը, Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ, ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, որ պիտի տեւէ մինչեւ 7 ապրիլ: Այս հաւաքով Հայաստանի խումբը 26 մարզիկով կը պատրաստուի 23 ապրիլին Երեւանի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: Ծաղկաձորեան հաւաքէն ետք տեղի պիտի ունենայ այլ հաւաք մըն ալ, այս անգամ` Երեւանի մէջ:  

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի  Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Ղահրամանեան Հանդիսացաւ Չորրորդ

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Ղահրամանեան Հանդիսացաւ Չորրորդ

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ղահրամանեան 81 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն, արձանագրելով 308 քկ արդիւնք մը, գրաւեց չորրորդ դիրքը: Երկամարտի ոսկի մետալին տիրացաւ վրացի Լեւան Օչիկաւա (322 քկ): Նշենք, որ այս շաբաթասկիզբին Հայաստանի ներկայացուցիչ` Սերեոժա Բարսեղեան 67 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:  

ՖԻՏԷ.  Թեկնածուներու Մրցաշարքերը Առաջին  Անգամ Ըլլալով Տեղի Պիտի Ունենան  Հիւսիսային Ամերիկայի Մէջ

ՖԻՏԷ. Թեկնածուներու Մրցաշարքերը Առաջին Անգամ Ըլլալով Տեղի Պիտի Ունենան Հիւսիսային Ամերիկայի Մէջ

Աշխարհի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանի թեկնածուներուն մրցաշարքերը տեղի պիտի ունենան 3-25 ապրիլ 2024-ին, Թորոնթոյի մէջ (Քանատա), այս մասին յայտնեց ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 750 հազար եւրօ: Հովանաւորը Շէյնպերկներ ընտանիքն է, որ 2022-ին ՖԻՏԷ-ին հետ կնքեց երկարաժամկէտ համագործակցութեան պայմանագիր: Առաջին անգամ ըլլալով է, որ թեկնածուներու մրցաշարքերը տեղի կ՛ունենան նոյն վայրին մէջ եւ միաժամանակ: Ասկէ...

Օլիվիէ Ժիրու Գերազանցեց Լիլիան  Թիւրամի Մրցանիշը

Օլիվիէ Ժիրու Գերազանցեց Լիլիան Թիւրամի Մրցանիշը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրլանտայի դէմ տեղի ունեցած «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին, գերազանցեց 2000-ի իր ազգակիցին` Լիլիան Թիւրամի հաստատած մրցանիշը ազգային խումբին հետ, իբրեւ տարիքոտ ֆութպոլիստ: Ժիրու 36 տարեկան եւ 178 օրական էր, երբ դաշտ ներկայացաւ, մինչ Թիւրամ` 36 տարեկան եւ 164 օրական: Նշենք, որ Ժիրու, որ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային...

«Եւրօ-2024».  Թուրքիա Պարտուեցաւ Խրուաթիայէն,  Իսկ Սպանիա` Սկովտիայէն

«Եւրօ-2024». Թուրքիա Պարտուեցաւ Խրուաթիայէն, Իսկ Սպանիա` Սկովտիայէն

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2024») զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թուրքիա (Դ. խմբակ), որ հիւրընկալեց Խրուաթիան, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Մաթէօ Քովասիչ (20-րդ եւ 45+4-րդ): Սպանիա, որ «Հեմփթըն Փարք»-ի մէջ շուրջ 48 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրը եղաւ Սկովտիոյ (Ա. խմբակ), իր կարգին անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը: Սքոթ Մաքթոմինէյ նշանակեց Սկովտիոյ երկու կոլերը...

Ժիւտօ.  Ֆերտինանտ Կարապետեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի  Իր Մրցակիցին Եւ Շատ Հաւանաբար  Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ) շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ յառաջիկայ մայիսին Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ նախատեսուած աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ըստ օրէնքի, աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին իւրաքանչիւր դասակարգի դասաւորման առաջին հարիւր դիրքերը գրաւողները: Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած միջազգային վարկանշային մրցաշարքին, Կարապետեան ապահովելով 260 կէտ, դասաւորման մէջ բարձրացաւ 91-րդ...

Ճատրակի Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ

Ճատրակի Մրցաշարք` ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ

Կիրակի, 26 մարտին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ մասնաճիւղի Ճատրակի յանձնախումբին, ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ տարբեր տարիքներու ճատրակի մրցաշարք, որ յատկանշուեցաւ հայ եւ օտար մեծ թիւով մասնակիցներով` 103 հոգի: Մրցումը յաւելեալ կշիռ ստացաւ Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Ժաուտաթ Շաքերի ներկայութեամբ: Ճատրակի ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեանի եւ Ալի Ժաուիշի գլխաւորութեամբ իրականացաւ այս մրցաշարքը, որ մեծ հետաքրքրութիւն եւ...

Միջազգային ֆութպոլ. Հայաստան-Կիպրոս՝ 2-2

Միջազգային ֆութպոլ. Հայաստան-Կիպրոս՝ 2-2

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երեքշաբթի, 28 մարտին Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Կիպրոսը, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հայրենի կազմին հետ իր նորամուտը երկու կոլով նշանակեց Պայէրն Միւնիխի երկրորդ խումբի 19 տարեկան յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս: Ան իր առաջին կոլը նշանակեց 51-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը՝ 59-րդ վայրկեանին: Կիպրոս իր...

Կռփամարտ.  18 Տարեկան Անասթասիա Դեմուրչեան`  Աշխարհի Ախոյեան

Կռփամարտ. 18 Տարեկան Անասթասիա Դեմուրչեան` Աշխարհի Ախոյեան

Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան 70 քկ դասակարգի մրցումներուն, ախոյեան հանդիսացաւ ռուսահայ Անասթասիա Դեմուրչեան: Ռուսական Անափա քաղաքը ներկայացնող հայ մարզիկուհին, աւարտականի մրցումին 5-0 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Ֆրենսիս Սթոքի: 18 տարեկան Դեմուրչեան, որ 2022-ի Ռուսիոյ ախոյեան է, աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն համար ստացաւ 100 հազար ամերիկեան տոլար:  

«Եւրօ-2024».  Ազրպէյճան Պարտուեցաւ  5-0 Արդիւնքով

«Եւրօ-2024». Ազրպէյճան Պարտուեցաւ 5-0 Արդիւնքով

Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2024») զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Զ. խմբակին մաս կազմող Ազրպէյճան կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ Շուէտէն` 5-0 արդիւնքով: Իտալացի Ճիովաննի Ժիրոլամօ Տէ Պիազիի գլխաւորած կազմը` Ազրպէյճան, իր կատարած առաջին մրցումին 4-1 արդիւնքով պարտուած էր Աւստրիայէն: Ֆրանսա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը Պենժամեն Փաւարի նշանակած կոլին շնորհիւ` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Իրլանտայէն: Մրցաշարքը պարտութեամբ սկսած...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի  Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Սերեոժա Բարսեղեան Հանդիսացաւ Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Սերեոժա Բարսեղեան Հանդիսացաւ Ախոյեան

Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերեոժա Բարսեղեան 67 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Բարսեղեան, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 275 քկ (128 եւ 147) արդիւնք մը, 5 քիլոկրամով գերազանցեց երկրորդ դիրքը գրաւած Մարզուքին (121 եւ 129, Սէուտական Արաբիա), մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Պհարալի Պետապրաթէ (267 քկ, 119 եւ 148): Նշենք, որ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Աննա Սարգսեան Կը Բաժնէ 5-10-րդ Դիրքերը

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Աննա Սարգսեան Կը Բաժնէ 5-10-րդ Դիրքերը

Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ցարդ արձանագրած է Աննա Սարգսեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք վրացի Պելլա Խոթենաշվիլիի հետ, այժմ 6,5 կէտով կը բաժնէ 5-10-րդ դիրքերը: Այս հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեց միայն Սուսաննա Գաբոյեան, որ 5 կէտով կը բաժնէ 40-60-րդ դիրքերը: Ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ...

Պայէրն Միւնիխ Նոր Մարզիչ  Նշանակեց Թուխելը

Պայէրն Միւնիխ Նոր Մարզիչ Նշանակեց Թուխելը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ գլխաւոր մարզիչ Եուլիան Նակելսմանը: Անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ գերմանացի Թոմաս Թուխել: Պայէրնի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կազմին ղեկավարութիւնը դժգոհ է «Պունտըսլիկա»-ի  մրցումներուն խումբին արձանագրած արդիւնքներէն: 49 տարեկան Թուխել, որ մինչեւ 30 յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ հինգշաբթի, 27...

Տի Մարիա 9 Տարի Ետք  Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Մատրիտ

Տի Մարիա 9 Տարի Ետք Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Մատրիտ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Եուվենթուսի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անխել Տի Մարիա շատ հաւանաբար վերադառնայ Մատրիտ եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ: 35 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը իտալական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Եթէ ան իտալական ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը չստորագրէ, պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը եւ պիտի միանայ այլ կազմի մը,...

Ումթիթի Կ՛ուզէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Շարունակել Պարսելոնայի Հետ

Ումթիթի Կ՛ուզէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակել Պարսելոնայի Հետ

Ֆրանսացի 29 տարեկան յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Պարսելոնայի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Ումթիթի, որ 2016-ին միացաւ Պարսելոնային, նախորդ տարի քաթալոնական կազմէն փոխ տրուեցաւ իտալական կազմին, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Մարզական մամուլին մէկ մասը կը յայտնէ, որ շատ հաւանաբար Պարսելոնա երկարաձգէ անոր պայմանագրութիւնը, սակայն ան դարձեալ փոխ տրուի այլ ակումբի, մինչ այլ լրատուամիջոցներ...

Անթոնիօ Քոնթէ Հեռացաւ  Թոթենհամէն

Անթոնիօ Քոնթէ Հեռացաւ Թոթենհամէն

Լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ հեռացաւ իր կազմէն` դադրեցնելով իր համագործակցութիւնը անգլիական ակումբին հետ: Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Քրիսթիան Սթելինի խումբը պիտի գլխաւորէ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, մինչ անոր օգնականը պիտի ըլլայ Ռայըն Մէյսըն: Նշենք, որ 53 տարեկան իտալացին խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ նոյեմբեր 2021-ին:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ 97-88 Արդիւնքով Տպաւորիչ  Յաղթանակով Մը Վերադարձաւ Զահլէէն

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 97-88 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Վերադարձաւ Զահլէէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Զահլէի մէջ տեղի ունեցած Աթլաս-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով. վերջինս 97-88 (23-18, 22-20, 22-33 եւ 21-26) արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ-ի համար Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգը վերջնականապէս անհետացաւ, եւ այժմ խումբին համար կը մնայ ֆայնըլ էյթի մրցումներուն...

Page 307 of 1280 1 … 306 307 308 … 1,280

Արխիւներ