Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երեքշաբթի, 28 մարտին Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Կիպրոսը, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հայրենի կազմին հետ իր նորամուտը երկու կոլով նշանակեց Պայէրն Միւնիխի երկրորդ խումբի 19 տարեկան յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս:
Ան իր առաջին կոլը նշանակեց 51-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը՝ 59-րդ վայրկեանին:
Կիպրոս իր կոլերը նշանակեց 43-րդ եւ 83-րդ վայրկեաններուն, մինչ 89-րդ վայրկեանին անոր մէկ մարզիկը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Այս մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Սթանիսլաւ Փուչնեւ, Էրիկ Փիլոյեան (46-րդ՝ Գէորգի Յարութիւնեան), Դաւիթ Դաւիթեան (46-րդ՝
Կամօ Յովհաննիսեան), Երջանիկ Ղուբասարեան, Վարազդատ Հարոյեան, Նայիր Տիկնիզեան (78-րդ՝
Ժիրայր Մարգարեան), Ուկոչուքվու Իվու, Էդուարդ Սպերցեան, Վահան Բիչախչեան (65րդ՝ Տիգրան
Բարսեղեան), Սարգիս Ադամեան (65-րդ՝ Արթուր Սերոբեան) եւ Հրանդ-Լէոն Ռանոս (65-րդ՝ Ժիրայր Շաղոյեան):


