Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իրլանտայի դէմ տեղի ունեցած «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին, գերազանցեց 2000-ի իր ազգակիցին` Լիլիան Թիւրամի հաստատած մրցանիշը ազգային խումբին հետ, իբրեւ տարիքոտ ֆութպոլիստ:
Ժիրու 36 տարեկան եւ 178 օրական էր, երբ դաշտ ներկայացաւ, մինչ Թիւրամ` 36 տարեկան եւ 164 օրական:
Նշենք, որ Ժիրու, որ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն ռմբաձիգը` 53 կոլով, ցարդ կատարած է 121 մրցում անոր հետ: