Աշխարհի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանի թեկնածուներուն մրցաշարքերը տեղի պիտի ունենան 3-25 ապրիլ 2024-ին, Թորոնթոյի մէջ (Քանատա), այս մասին յայտնեց ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 750 հազար եւրօ:
Հովանաւորը Շէյնպերկներ ընտանիքն է, որ 2022-ին ՖԻՏԷ-ին հետ կնքեց երկարաժամկէտ համագործակցութեան պայմանագիր:
Առաջին անգամ ըլլալով է, որ թեկնածուներու մրցաշարքերը տեղի կ՛ունենան նոյն վայրին մէջ եւ միաժամանակ:
Ասկէ բացի, անիկա առաջին անգամ ըլլալով է, որ տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: