Լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ հեռացաւ իր կազմէն` դադրեցնելով իր համագործակցութիւնը անգլիական ակումբին հետ:
Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Քրիսթիան Սթելինի խումբը պիտի գլխաւորէ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը, մինչ անոր օգնականը պիտի ըլլայ Ռայըն Մէյսըն:
Նշենք, որ 53 տարեկան իտալացին խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ նոյեմբեր 2021-ին:


