Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականը, Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ, ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ, որ պիտի տեւէ մինչեւ 7 ապրիլ:
Այս հաւաքով Հայաստանի խումբը 26 մարզիկով կը պատրաստուի 23 ապրիլին Երեւանի մէջ սկսելիք Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Ծաղկաձորեան հաւաքէն ետք տեղի պիտի ունենայ այլ հաւաք մըն ալ, այս անգամ` Երեւանի մէջ: