Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Զահլէի մէջ տեղի ունեցած Աթլաս-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով. վերջինս 97-88 (23-18, 22-20, 22-33 եւ 21-26) արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ-ի համար Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգը վերջնականապէս անհետացաւ, եւ այժմ խումբին համար կը մնայ ֆայնըլ էյթի մրցումներուն տոմս մը ապահովել:
Գրաւելով 11-րդ եւ նախավերջին դիրքը, Աթլաս փլէյ օֆի մրցումներ ունի կատարելիք Բ. դասակարգի երկրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ, մինչ 12-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւած Պիպլոս կը փոխադրուի Բ. դասակարգ:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը (37) նշանակեց Մարք Լայընզ (ներառեալ 7 թրի փոյնթ), մինչ տապըլ-տապըլ իրագործեցին Տանիել Պաղտատեան (12 կէտ, 17 ռիպաունտ) եւ Տուժուան Սամըրզ (24 կէտ, 15 ռիպաունտ):
Իսկ Աթլասէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Մէյսըն Հերըլ (19 կէտ, 14 ռիպաունտ) եւ Մայլզ Քարթըր (29 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ ժամը 15:45-ին Լիտըրզ կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Պէյրութը:


