«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց Պորուսիա Տորթմունտին (4-2) Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, շաբթուան գագաթի ճակատումին հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը: Արձանագրելով 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, Պայէրն պարագլուխի դիրքը խլեց Տորթմունտէն` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ: Անիկա այժմ ունի 55 կէտ, մինչ Տորթմունտի կէտը մնաց 53: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Կրեկոր Քոպել (13-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Թոմաս Միւլըր (18-րդ եւ...




















