Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Ղահրամանեան 81 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն, արձանագրելով 308 քկ արդիւնք մը, գրաւեց չորրորդ դիրքը:
Երկամարտի ոսկի մետալին տիրացաւ վրացի Լեւան Օչիկաւա (322 քկ):
Նշենք, որ այս շաբաթասկիզբին Հայաստանի ներկայացուցիչ` Սերեոժա Բարսեղեան 67 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան: