Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ցարդ արձանագրած է Աննա Սարգսեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք վրացի Պելլա Խոթենաշվիլիի հետ, այժմ 6,5 կէտով կը բաժնէ 5-10-րդ դիրքերը:
Այս հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեց միայն Սուսաննա Գաբոյեան, որ 5 կէտով կը բաժնէ 40-60-րդ դիրքերը:
Ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ չորս յառաջատարներ ունին 7-ական կէտ:


