Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («ԵՒՐՕ-2024») զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թուրքիա (Դ. խմբակ), որ հիւրընկալեց Խրուաթիան, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Մաթէօ Քովասիչ (20-րդ եւ 45+4-րդ):
Սպանիա, որ «Հեմփթըն Փարք»-ի մէջ շուրջ 48 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան հիւրը եղաւ Սկովտիոյ (Ա. խմբակ), իր կարգին անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը:
Սքոթ Մաքթոմինէյ նշանակեց Սկովտիոյ երկու կոլերը (7-րդ եւ 90+6-րդ):
Այսպիսով, Սկովտիա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, մինչ առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած Սպանիա կրեց իր առաջին պարտութիւնը:
Իսկ Թ. Խմբակին մէջ Զուիցերիա Ժընեւի մէջ, 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իսրայէլին: