Հայաստանի ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ) շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ յառաջիկայ մայիսին Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ նախատեսուած աշխարհի ժիւտոյի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ օրէնքի, աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին իւրաքանչիւր դասակարգի դասաւորման առաջին հարիւր դիրքերը գրաւողները:
Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած միջազգային վարկանշային մրցաշարքին, Կարապետեան ապահովելով 260 կէտ, դասաւորման մէջ բարձրացաւ 91-րդ դիրք:
Կարապետեան վերոնշեալ մրցաշարքին իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին դէմ` 29 երկվայրկեանի ընթացքին: