Մոնթենեկրոյի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներէն առաջ, Հայաստանի վեց ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը այժմ արձանագրած են Էլինա Դանիէլեան եւ Աննա Սարգսեան, որոնք ունին 7-ական կէտ:
Նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Դանիէլեան յաղթեց ուքրանացի Իննա Կապոնենքոյին, իսկ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց այլ ուքրանացիի մը` Նաթալիա Պուքսայի հետ:
Յառաջատարներն են 8-ական կէտ ապահոված, վրացի Մերի Արապիցէ եւ լեհ Օլիվիա Քիոլպասա:
7,5-ական կէտ ունին Սալոմէ Մելիա (Վրաստան) եւ Սթաւրուլա Ցոլաքիտու (Յունաստան):
Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիամ Մկրտչեան ունին 6,5-ական կէտ, Սուսաննա Գաբոյեան` 5 կէտ, իսկ Փոլինա Քոպաք` 4 կէտ: