Այսօր` «Էն. Էս. Էյ.»-Տինամօ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած Լիտըրզ-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը (Լուէյզիի մարզադաշտին մէջ) վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Լիտըրզի յաղթանակով, 83-78 արդիւնքով (28-22, 21-22, 15-15 եւ 19-19):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Անդրանիկէն Ճորտըն Ճեքսըն (36), մինչ Լիտըրզէն 28 կէտ նշանակեց Տէյվիս Սթենլի, իսկ անոր խմբակից Ալեքսանտր Փիքոք տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ եւ ռիպաունտ):
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Անդրանիկի համար ֆայնըլ էյթի մրցումներուն տոմս մը ապահովելը քիչ մը դժուարացաւ` նկատի ունենալով, որ անոր վերջին երկու մրցակիցներն են Սաժես Պէյրութը (յետաձգուած` 19-րդ հանգրուանէն) եւ ՀՄԸՄ Պէյրութը (22-րդ հանգրուան):
Պէտք է ըսել, որ 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները պիտի ըլլան բաւական ճակատագրական:
Նշենք, որ 22-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 30 մարտին, «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.» ժամը 19:30-ին կը հիւրընկալէ Տինամոն: