Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Եուվենթուսի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անխել Տի Մարիա շատ հաւանաբար վերադառնայ Մատրիտ եւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ:
35 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը իտալական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Եթէ ան իտալական ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը չստորագրէ, պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը եւ պիտի միանայ այլ կազմի մը, որ այս պարագային շատ հաւանաբար ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտը, որ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է ֆութպոլիստով:
Նշենք, որ Տի Մարիա 2010-2014 տարիներուն մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի: