Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի Բ. հանգրուանի Շուէտ-Ազրպէյճան մրցումին, բազմաթիւ շուէտահայեր ներկայ գտնուելով այս հանդիպումին իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին արցախահայութեան` թրիւպինին մէջ բարձրացնելով Արցախի շրջափակումը դադրեցնելու կոչով պաստառ:
Հայ համակիրներուն կողմէ պարզուած էին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցումը վերջ գտաւ Շուէտի ազգային խումբին շռնդալից յաղթանակով` 5-0 արդիւնքով: