Մարզական

«Եիւնիոն Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի 2011 Դասակարգի  Տղոց Խումբը` Տիտղոսակիր

«Եիւնիոն Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիասի 2011 Դասակարգի Տղոց Խումբը` Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքոյի դաշտին վրայ (Տըպպայէ) իր աւարտին հասաւ «Եիւնիոն-Լիկ»-ի ֆութպոլի տարիքային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան տարբեր դասակարգերու աւարտական հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Անթիլիասի 2011 դասակարգի տղոց խումբը հանդիսացաւ ախոյեան, երբ աւարտական հանգրուանի մրցումին 4-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց «ԷՄ. ՎԻ. ՓԻ.» խումբին դէմ: Իսկ 2013 դասակարգի տղոց խումբը հանդիսացաւ փոխախոյեան, աւարտականին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք «ՊԻ. ԻՆ.-Սփոր»...

«Եւրօ-2024».  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Մրցաշարքը Սկսաւ Պարտութեամբ

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մրցաշարքը Սկսաւ Պարտութեամբ

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ի մրցաշարքին, երբ կատարուեցան զտումի բազմաթիւ մրցումներ: Շաբաթ, 25 մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Թուրքիա մրցումը (Դ. խմբակ) աւարտեցաւ հայրենի կազմին պարտութեամբ` 2-1 արդիւնքով: 10-րդ վայրկեանին ղազախական Ասթանային մաս կազմող յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեանի փոխանցումէն ետք, գերմանական Հոֆընհայմի յետսապահ Օզան Քապաք գնդակը սխալմամբ զետեղեց իր բերդին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Երկուշաբթի, 27 Մարտին`  Աթլաս-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երկուշաբթի, 27 Մարտին` Աթլաս-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 21-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մարիսթ- «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.» բացման հանդիպումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 98-82 արդիւնքով: Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 25 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Տինամոն, բաւական զօրաւոր եւ տաք հանդիպումի մը ընթացքին: Վաղը եւս նոյն ժամուն, պիտի կատարուի այլ զօրաւոր ճակատում մը, որուն...

«Եւրօ-2024».  Այսօր Հայաստան-Թուրքիա  Մրցումը` Երեւանի Մէջ

«Եւրօ-2024». Այսօր Հայաստան-Թուրքիա Մրցումը` Երեւանի Մէջ

Հինգշաբթի, 23 մարտ 2023-ին, մեկնարկը տրուեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ին, երբ կատարուեցան զտումի Ա. հանգրուանի ութ մրցումներ: Անգլիա, որ հիւրը եղաւ Իտալիոյ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: 13-րդ վայրկեանին Տեքլան Ռայս նշանակեց Անգլիոյ առաջին կոլը, իսկ Հերի Քէյն` երկրորդը (44րդ` փենալթիով): Հիւրընկալ կազմին` Իտալիոյ կոլը նշանակեց Մաթէօ Ռեթեկուի (56-րդ): Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Փորթուգալ եւ Դանիա, յաջորդաբար` Լիխթնշթայնի (4-0) եւ Ֆինլանտայի...

Վարդան Մինասեան Նշանակուեցաւ  Թելաւիի Մարզիչ

Վարդան Մինասեան Նշանակուեցաւ Թելաւիի Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան նշանակուեցաւ Թելաւիի մարզիչ, այս մասին յայտնեց վրացական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 49 տարեկան մասնագէտին մարզչական խմբակին մէջ ընդգրկուեցան նաեւ Արթուր Մկրտչեան եւ Արտակ Օսէեան: Նշենք, որ Մինասեանի վերջին ակումբն էր ղազախական Թարազը: Վրաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Թելաւի կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը (տասը խումբերուն մէջ): Անոր...

Երեւանի Մէջ Պիտի Կառուցուի Նոր,  Ժամանակակից Մարզահամալիր

Երեւանի Մէջ Պիտի Կառուցուի Նոր, Ժամանակակից Մարզահամալիր

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, Երեւանի Ներքին Չարբախի շրջանին մէջ գտնուող «Մարզական աշխարհ» հիմնադրամի սեփականութիւնը հանդիսացող հողի տարածքին մէջ պիտի կառուցուի նոր մարզահամալիր: Հայաստանի մէջ մարզաշխարհի զարգացման, մասնաւորապէս կռփամարտի զարգացման նպատակով, Արթուր Աբրահամի անուան մարզահամալիր պիտի կառուցուի: Նոր, ժամանակակից մարզահամալիրին կառուցումը շրջանին մէջ բնակող երեխաներուն համար պիտի ստեղծէ մարզաշխարհով զբաղելու կարելիութիւն:  

Ծանրաբարձութիւն.  Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ  Մարզիկները Պիտի Չգան Երեւան

Ծանրաբարձութիւն. Ռուսիոյ Եւ Պիելոռուսիոյ Մարզիկները Պիտի Չգան Երեւան

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն 15-23 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան: Ախոյեանութեան մասնակիցներուն նախնական ցանկին մէջ ընդգրկուած էին Ռուսիոյ 38 եւ Պիելոռուսիոյ 27 երկսեռ ծանրաբարձներ: Ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը, մարտ 2022-ին, անորոշ ժամանակով Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ծանրաբարձները զրկեց միջազգային մրցումներուն մասնակցելէ: Նշենք, որ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան...

Հայաստանի Մէջ Կատարուեցաւ «Քաֆէ Ուիք Օֆ Էքշըն» Միջոցառումը

Հայաստանի Մէջ Կատարուեցաւ «Քաֆէ Ուիք Օֆ Էքշըն» Միջոցառումը

11-19 մարտին տեղի ունեցաւ «Քաֆէ-Սենթըր ֆոր Աքսես թու Ֆութպոլ ին Եուրոփ»-ի կողմէ կատարուող տարեկան համաեւրոպական «Քաֆէ Ուիք Օֆ Էքշըն» միջոցառումը, որուն ամէն տարի կը մասնակցի նաեւ Հայաստան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը: Համաեւրոպական այս միջոցառումներուն նպատակն է ֆութպոլը հասանելի եւ իրական տօն դարձնել հաշմանդամութիւն ունեցող համակիրներուն համար: Այս միջոցառումին, որ կը կատարուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հովանիին տակ, կը...

Օպամեյանկ Շատ Հաւանաբար  Վերադառնայ Պարսելոնա

Օպամեյանկ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Պարսելոնա

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Չելսիի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ շատ հաւանաբար վերադառնայ Պարսելոնա: Թէեւ կապոնցին կը փափաքի վերադառնալ Պարսելոնա, սակայն նկատի ունենալով, որ քաթալոնական ակումբը նիւթական որոշ դժուարութիւններ ունի, անոր այդ փոխանցումը կրնայ չկատարուիլ: Լոնտոնեան ակումբը յառաջիկայ տարեշրջանին իր կազմին մէջ պահելու նպատակ չունի 33 տարեկան ֆութպոլիստը, թէեւ անոր պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 30 յունիս 2024:      

Սեւիլլա Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Սեւիլլա Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ հանդէս եկող խումբերէն Սեւիլլայի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Խոսէ Լուիս Մենտիլիպար նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ: 62 տարեկան սպանացի մասնագէտին պայմանագրութիւնը նկատի առնուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Նախքան անոր այս նշանակումը, Սեւիլլա յայտարարած էր Խորխէ Սամփաոլիի պաշտօնանկ ըլլալուն մասին: Մենտիլիպարի վերջին խումբը հանդիսացաւ Ալաւեսը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ ապրիլին: Անցեալին ան եղած է նաեւ...

Ռոյ Հաճսըն վերադարձաւ  Քրիսթալ Փալաս

Ռոյ Հաճսըն վերադարձաւ Քրիսթալ Փալաս

«Փրեմիեր Լիկ»-ի խումբերէն Քրիսթալ Փալասի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռոյ Հաճսըն վերադարձաւ ակումբ` դարձեալ ստանձնելով գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: 75 տարեկան Հաճսըն իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Հաճսըն, որ այսպիսով փոխարինեց ֆրանսացի Փաթրիք Վիէյրան, նախապէս 2017-էն 2021 եղած է Փալասի մարզիչը: Այսպիսով, Հաճսըն դարձաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն տարիքոտ մարզիչը` գերազանցելով Ուաթֆորտի հետ նախորդ...

Ատեպայոր Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ատեպայոր Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Էմանուէլ Ատեպայոր պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Թոկոյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է նաեւ Մեսի, Մոնաքոյի, Արսենալի, Մանչեսթըր Սիթիի, Թոթենհամի եւ Քրիսթալ Փալասի: 39 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբն էր Թոկոյի Սեմասին: Նշենք, որ ան 2008-ին ճանչցուեցաւ Ափրիկէի տարուան լաւագոյն...

Էօզիլ Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Էօզիլ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին, Ռէալ Մատրիտի եւ լոնտոնեան Արսենալի նախկին ֆութպոլիստ, թուրք միջնապահ Մեսուտ Էօզիլ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ  դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան ըսաւ, որ 17 տարի ֆութպոլի դաշտերուն վրայ մրցումներու մասնակցելէ ետք, կու գայ աւարտելու իր ասպարէզը` վերջին ամիսներուն իր ստացած վնասուածքին եւ իր ունեցած դժուարութիւններուն պատճառով: 34 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Գերմանիոյ հետ հանդիսացաւ աշխարհի...

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց  Անհատական Ախոյեանութիւն.  Մարիամ Մկրտչեան Եւ Փոլինա Քոպաք  Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Ճատրակ. Եւրոպայի Աղջկանց Անհատական Ախոյեանութիւն. Մարիամ Մկրտչեան Եւ Փոլինա Քոպաք Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց 23-րդ անհատական ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատարներ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան իրենց մրցումները աւարտեցին հաւասարութեամբ: Ապահովելով 4-ական կէտ, անոնք երկուքը այժմ կէսական կէտով ետ կը մնան յառաջատարներէն: Այս հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Մարիամ Մկրտչեան (3,5 կէտ) եւ Փոլինա Քոպաք (3 կէտ): Աննա Սարգսեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց, ունեցաւ 3...

«Եւրօ-2024».  Հայաստան-Թուրքիա Մրցումին  Իրաւարարները` Սպանիայէն

«Եւրօ-2024». Հայաստան-Թուրքիա Մրցումին Իրաւարարները` Սպանիայէն

Խոսէ Մարիա Սանչես, Ինչպէս ծանօթ է, վաղը` շաբաթ, 25 մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստան-Թուրքիա մրցումը (Դ. խմբակ), որ կ՛իյնայ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սպանիայէն: Կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ 39 տարեկան Խոսէ Մարիա Սանչես, կողմի...

«Եւրօ-2024».  Այսօր` Ֆրանսա-Նետերլանտներ  Տաք Հանդիպում

«Եւրօ-2024». Այսօր` Ֆրանսա-Նետերլանտներ Տաք Հանդիպում

Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոպայի տարածքին, ախոյեանութեան մրցումները ներկայիս դադարի մէջ են` նկատի ունենալով, որ երէկ` հինգշաբթի, 23 մարտին սկսան Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «ԵՒՐՕ-2024»-ի մրցաշարքին զտումի մրցումները: Մրցումները կը շարունակուին այսօր եւ յաջորդող օրերուն ալ, մինչեւ` երեքշաբթի, 28 մարտին: Այսօր, Բ. խմբակին մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական տաք հանդիպում մը, որուն ընթացքին Ֆրանսա, «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին մէջ, պիտի հիւրընկալէ Նետերլանտները:...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Մարզիկներուն Մէջ Ամէնէն  Բարձր Վարկանիշը Ունի Արսէն Յարութիւնեան

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Մարզիկներուն Մէջ Ամէնէն Բարձր Վարկանիշը Ունի Արսէն Յարութիւնեան

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին (,ԻՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.ե) կողմէ հրապարակուած ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային դասաւորման մէջ, տասը դասակարգերուն մէջ Հայաստան ունի վեց ներկայացուցիչ: Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ ամէնէն բարձր վարկանիշը ունի Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր` Արսէն Յարութիւնեան, որ 61 քկ դասակարգին մէջ կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Աշխարհի բաժակակիր, Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեան Վազգէն Թեւանեան (65 քկ) կը գրաւէ...

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի  Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականներուն  Կազմերը Յստակացան

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականներուն Կազմերը Յստակացան

Շաբաթ, 25 մարտին, Ալպանիոյ մէջ մեկնարկը կը տրուի աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հրապարակեց այս ախոյեանութեան մասնակցող Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներուն կազմերը, որոնք պիտի մասնակցին այս ախոյեանութեան: Տղոց հաւաքականին մաս կազմեցին Ժորա Գրիգորեան (61 քկ), Սերեոժա Բարսեղեան (67 քկ), Նարեկ Մկրտչեան (73 քկ), Յովհաննէս Ղահրամանեան (81 քկ),...

Վարազդատ Հարոյեան  Վերադարձաւ Ասթանա

Վարազդատ Հարոյեան Վերադարձաւ Ասթանա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան վերադարձաւ ղազախական Ասթանա, որուն մաս կազմած էր նաեւ 2021-ին, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 30 տարեկան Հարոյեանի, որ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Ասթանայի, նախորդ ակումբն էր կիպրական Անորթոսիսը, որուն ան միացած էր նախորդ տարի ամրան ընթացքին, սպանական Քատիսէն հեռանալէ ետք: Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի մէկ միլիոն եւրոյով: Նշենք, որ Ասթանային...

Հաալանտ Բացակայ` Նորվեկիոյ  Կատարելիք Մրցումներէն

Հաալանտ Բացակայ` Նորվեկիոյ Կատարելիք Մրցումներէն

Էրլինկ Հաալանտ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկու մրցումներէն: Մանչեսթըր Սիթիի ֆութպոլիստը վիրաւորուեցաւ Պարնլիի դէմ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած մրցումին, որուն ընթացքին անոր կազմը արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, Հաալանտ պիտի բացակայի Սպանիոյ (25 մարտ) եւ Վրաստանի (28 մարտ) դէմ տեղի ունենալիք զտումի մրցումներէն:

Page 308 of 1280 1 … 307 308 309 … 1,280

Արխիւներ