Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերեոժա Բարսեղեան 67 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Բարսեղեան, որ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 275 քկ (128 եւ 147) արդիւնք մը, 5 քիլոկրամով գերազանցեց երկրորդ դիրքը գրաւած Մարզուքին (121 եւ 129, Սէուտական Արաբիա), մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Պհարալի Պետապրաթէ (267 քկ, 119 եւ 148):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան աղջկանց մրցումներուն Հայաստան ունի երեք ներկայացուցիչ. Ալինա Սուքիասեան (71 քկ), Աննա Ամրոյեան (76 քկ) եւ Էմմա Պօղոսեան (81 քկ):


