Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի աղջկանց ախոյեանութեան 70 քկ դասակարգի մրցումներուն, ախոյեան հանդիսացաւ ռուսահայ Անասթասիա Դեմուրչեան:
Ռուսական Անափա քաղաքը ներկայացնող հայ մարզիկուհին, աւարտականի մրցումին 5-0 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Ֆրենսիս Սթոքի:
18 տարեկան Դեմուրչեան, որ 2022-ի Ռուսիոյ ախոյեան է, աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն համար ստացաւ 100 հազար ամերիկեան տոլար: