Մարզական

Եանա Եգորեանին Չթոյլատրուեցաւ  Մասնակցիլ Միջազգային Մրցումներու

Եանա Եգորեանին Չթոյլատրուեցաւ Մասնակցիլ Միջազգային Մրցումներու

Ռուսիոյ սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Իլկար Մամետով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ սուսերամարտի միջազգային ֆետերասիոնը, Ռուսիոյ ներկայացուցիչներ, ողիմպիականի ախոյեաններ Եանա Եգորեանին, Սոֆիա Վելիկայային եւ Սոֆիա Փոկտնեաքովային թոյլտուութիւն չէ տուած մասնակցիլ միջազգային մրցումներուն եւ ատիկա` ողիմպիականի մեկնարկին տրուելէն տարի մը առաջ: Ան յայտնեց ըսելով, որ միջազգային ֆետերասիոնէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կայ ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք չեն կրնար...

Պարսելոնա 15,7 Միլիոն Եւրօ  Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Պարսելոնա 15,7 Միլիոն Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Սպանիոյ մաքսատնային կազմակերպութիւնը 15,7 միլիոն եւրօ տուգանքի ենթարկեց Պարսելոնան, որ ֆութպոլիստներուն վճարումները կատարելու ընթացքին խախտած էր մաքսային օրէնքները, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Պարսելոնա խախտումներ կատարած էր ակումբի նախկին ֆութպոլիստներ Արտա Թուրանին (1,3 միլիոն եւրօ) եւ Ալեքս Սոնկին (3,5 միլիոն եւրօ) հատուցումները վճարելու ընթացքին: Քաթալոնական ակումբը, նաեւ հովանաւոր «Օտի» վաճառանիշով ինքնաշարժները, ֆութպոլիստներուն վարձու տալու ժամանակ չէ նշած անոնց վարձակալութեան...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է 100 Միլիոն  Եւրօ Վճարելու Հերի Քէյնի Փոխանցման Համար

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է 100 Միլիոն Եւրօ Վճարելու Հերի Քէյնի Փոխանցման Համար

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն այս ամրան ընթացքին պատրաստ է 100 միլիոն եւրօ վճարելու, իր կազմին միացնելու համար լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող անգլիացի միջազգային յառաջապահ Հերի Քէյնը: Մայրաքաղաքի կազմը փոխարինող մը կը փնտռէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին, որուն պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի յառաջիկայ ամիս: Հերի Քէյն, որ Թոթենհամին մաս կը կազմէ 2011-էն ի վեր,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տենվըր Նակեթց Դուրս Ձգեց  Ֆէօնիքս Սանզը

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր Նակեթց Դուրս Ձգեց Ֆէօնիքս Սանզը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն, Տենվըր Նակեթց մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ֆէօնիքս Սանզը` անոր դէմ արձանագրելով 125-100 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նակեթց այսպիսով ապահովեց արեւմտեան շրջանի աւարտականի իր տոմսը` 4-2 արդիւնքով յառաջանալով իր մրցակիցին վրայ: Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս 95-86 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (3-3): Շաբաթավերջի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, կրնան...

Ճատրակ. Ստեփան Աւագեանի  Յուշամրցաշարք.  Սամուէլ Սեւեան` Տիտղոսի  Գլխաւոր Թեկնածուն

Ճատրակ. Ստեփան Աւագեանի Յուշամրցաշարք. Սամուէլ Սեւեան` Տիտղոսի Գլխաւոր Թեկնածուն

Ջերմուկի մէջ իր աւարտին մօտեցող Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքի 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ ուզպեք Նոտիրպեկ Եաքուպոյեւի հետ, անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 14-րդ շարժումին: Մրցաշարքի աւարտէն հանգրուան մը առաջ միայն, հայ կրանտմասթըրը այժմ 5,5 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը, կէտի մը առաւելութիւն ունենալով Ռոպերթ Յովհաննիսեանի, Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի, իրանցի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Հենրիխ Մխիթարեան Առաջին Հայ Ֆութպոլիստը,  Որ Կոլ Կը Նշանակէ Կիսաւարտական Մրցումին

«Չեմփիընզ Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Առաջին Հայ Ֆութպոլիստը, Որ Կոլ Կը Նշանակէ Կիսաւարտական Մրցումին

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի երկրորդ մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան Միլանօ քաղաքի երկու կազմերը` Ա. Սէ. Միլան եւ Ինթեր Միլան: Զուտ իտալական այս ճակատումին յաղթականը եղաւ Ինթեր Միլան, որ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ, 8-րդ վայրկեանին: Անոր նշանակած կոլէն երեք վայրկեան ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ալաշկերտ Արձանագրեց  Իր Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Ալաշկերտ, որ հիւրը եղաւ Արարատ-Արմենիային, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հիւր կազմին միակ կոլը 70-րդ վայրկեանին նշանակեց էքուատորցի միջնապահ Ճէյսոն Ռասինես: Այսպիսով, Վահէ Գէորգեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալաշկերտ, այժմ 57 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը, մինչ Արարատ-Արմենիա 66 կէտով 3-րդ դիրքին...

Հայաստանի 14 Տարեկանէն Վար  Երկրորդ Խումբը Յաղթեց Լիբանանի

Հայաստանի 14 Տարեկանէն Վար Երկրորդ Խումբը Յաղթեց Լիբանանի

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքի Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի 14 տարեկանէն վար երկրորդ հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լիբանանի դէմ, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Ա. հանգրուանին Հայաստանի 14 տարեկանէն վար երկրորդ հաւաքականը 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Ուզպեքիստանէն, որ երկրորդ հանգրուանին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի 14 տարեկանէն վար առաջին հաւաքականին: Նշենք, որ առաջին հանգրուանին Լիբանան...

Նէյմար Պատրաստ Է Հեռանալու  Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Նէյմար Պատրաստ Է Հեռանալու Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար պատրաստ է հեռանալու մայրաքաղաքի կազմէն` նկատի ունենալով, որ ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստին փոխանցման հարցերով զբաղող անձերը նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած են: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Չելսի եւ Նիւքասըլ թէեւ հետաքրքրուած են 31 տարեկան ֆութպոլիստով, սակայն ան ցարդ պաշտօնական առաջարկ չէ ստացած անոնցմէ: Նշենք, որ...

Կապոնի Նախագահը Օպամեյանկէն  Խնդրեց Վերադառնալ Ազգային Խումբ

Կապոնի Նախագահը Օպամեյանկէն Խնդրեց Վերադառնալ Ազգային Խումբ

Անգլիական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Կապոնի նախագահ Ալի Պոնկօ Օնտիմպա, հանդիպում մը ունեցած է երկրին ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկուն` Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի հետ: Յայտարարուեցաւ, որ երկրին նախագահը Օպամեյանկէն խնդրած է լրջօրէն մտածել ազգային խումբ վերադառնալու մասին: 33 տարեկան ափրիկեցի փորձառու ֆութպոլիստը այժմ մաս կը կազմէ լոնտոնեան Չելսիին: Նշենք, որ Օպամեյանկ, որ իր նշանակած 30 կոլերուն շնորհիւ երկրին ազգային խումբին...

Արսենալ Պիտի Երկարաձգէ  Պուքայօ Սաքայի Պայմանագրութիւնը

Արսենալ Պիտի Երկարաձգէ Պուքայօ Սաքայի Պայմանագրութիւնը

Անգլիական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ անգլիացի իր յառաջապահ Պուքայօ Սաքայի հետ մինչեւ 2028: Նոր պայմանագրութեամբ 21 տարեկան ֆութպոլիստը, որ պիտի ստանայ շաբաթական 345 հազար եւրօ, այսպիսով պիտի դառնայ ակումբին ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 35 մրցումի, նշանակած 13 կոլ եւ կատարած 11 էսիսթ:    

«Լորէօս».  Մեսսի` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ

«Լորէօս». Մեսսի` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի արժանացաւ տարուան լաւագոյն մարզիկի մրցանակին` «Լորէօս»-ի կողմէ: «Լորէօս Ուորլտ Սփորթց Ըուըրտծ 2023»-ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: Մեսսի այս մրցանակին արժանացած էր նաեւ 2020-ին` ատիկա բաժնելով «Ֆորմիւլա-1»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի հետ: Իսկ տարուան լաւագոյն խումբի մրցանակին տիրացաւ աշխարհի ախոյեան...

Միւլըր Շատ Հաւանաբար  Հեռանայ Պայէրն Միւնիխէն

Միւլըր Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Պայէրն Միւնիխէն

Գերմանական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Պայէրն Միւնիխի յառաջատարներէն Թոմաս Միւլըր շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն: Կը նշուի, որ Միւլըր, մարզիչ Թոմաս Թուխելի ժամանումէն ետք, շատ աւելի նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ: Եթէ 33 տարեկան ֆութպոլիստը որոշէ հեռանալ միւնիխեան խումբէն, ամէն գնով կը փափաքի միանալ այլ անուանի ակումբի մը` անոր հետ յաւելեալ տիտղոսներու տիրանալու համար: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պայէրնի հետ...

Քէօլն Երկարաձգեց Իր Մարզիչին  Պայմանագրութիւնը

Քէօլն Երկարաձգեց Իր Մարզիչին Պայմանագրութիւնը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») իր մասնակցութիւնը բերող Քէօլն իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր գլխաւոր մարզիչին` Շթեֆան Պաումկարթի հետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ է մինչեւ 30 յունիս 2025: 51 տարեկան մասնագէտը, իր պաշտօնը ստանձնեց մայիս 2021-ին: Ընթացիկ տարեշրջանին անոր կազմը 31-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 38 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը: Նշենք, որ Քէօլնին մաս...

«Էն. Պի. Էյ.»  Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ-Լոս  Անճելըս Լէյքըրզ` 2-3

«Էն. Պի. Էյ.» Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ-Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` 2-3

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (արեւմտեան շրջան), Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ իր կատարած հինգերորդ մրցումին արձանագրեց 121-106 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 27 կէտ, մինչ Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս` 25 կէտ: Այժմ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 3-2` ի նպաստ Լէյքըրզի: Նոյն արդիւնքով կ՛ընթանայ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ-Պոսթըն Սելթիքս մրցումին...

Ճատրակ. Ստեփան Աւագեանի  Յուշամրցաշարք.  Սամուէլ Սեւեան 5 Կէտով`  Առաջին Դիրքին Վրայ

Ճատրակ. Ստեփան Աւագեանի Յուշամրցաշարք. Սամուէլ Սեւեան 5 Կէտով` Առաջին Դիրքին Վրայ

Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքի 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան 23-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց գերմանացի Ֆրետերիք Սվանէի հետ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Սեւեան այժմ 5 կէտով միանձնեայ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: 2-4-րդ դիրքերը կը բաժնեն Հայաստանի ներկայացուցիչներ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, իրանցի Ամին Թապաթապայէ եւ ուզպեք Նոտիրպեք Եաքուպոյեւ: 7-րդ հանգրուանին...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Բաչքովի Վստահ Յաղթանակը

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Բաչքովի Վստահ Յաղթանակը

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Բաչքով, որ մրցեցաւ քոլոմպիացի Խոսէ Մանուէլ Վիաֆարայի դէմ (63,5 քկ), արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, այսպիսով Հայաստանին ապահովելով նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը: Իր կարգին, կիսաւարտականին իր տոմսը ապահովեց Նարեկ Մանասեան (92 քկ), որ քառորդ աւարտականին 4-0 արդիւնքով յաղթեց սպանացի Էմանուէլ Ռեյեսին: Սակայն...

Ուրարտուի Թանգարանին Մէջ Բացուեցաւ  Էդուարդ Մարգարովի Անկիւնը

Ուրարտուի Թանգարանին Մէջ Բացուեցաւ Էդուարդ Մարգարովի Անկիւնը

Երեւանի Ուրարտու թանգարանին մէջ բացուեցաւ նախկին Խորհրդային Միութեան անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Էդուարդ Մարգարովին նուիրուած անկիւն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մարգարովի հետ միջոցառման ներկայ գտնուեցան նաեւ Արամայիս Տօնոյեան, Արմէն Շահգելդեան, Արմէն Պետրոսեան, Արտաշէս Ադամեան, Պօղոս Գալստեան, Ռազմիկ Գրիգորեան եւ Վարդան Խաչատրեան: Անոնք հանդիպեցան նաեւ Ուրարտուի ֆութպոլի ակադեմիայի սաներուն հետ եւ պատասխանեցին անոնց հարցումներուն: Անցեալի ֆութպոլիստները ներկայ գտնուեցան նաեւ...

Ակադեմիա-05 Ապահովեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի  19 Տարեկանէն Վար «Չեմփիընզ Լիկ»-ի   Ֆութպոլի Իր Տոմսը

Ակադեմիա-05 Ապահովեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 19 Տարեկանէն Վար «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Իր Տոմսը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ակադեմիա-05 խումբը ապահովեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր տոմսը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին 18 տարեկանէն վար մանկապատանեկան ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ակադեմիա-05 յաղթելով Արարատ-Արմենիայի իր հասակակիցներուն, ժամանակէն կանուխ հռչակուեցաւ Հայաստանի ախոյեան:    

Փիւնիկ Երկարաձգեց  Իր 4 Ֆութպոլիստներուն  Պայմանագրութիւնը

Փիւնիկ Երկարաձգեց Իր 4 Ֆութպոլիստներուն Պայմանագրութիւնը

Հայաստանի ֆութպոլի գործող ախոյեան Փիւնիկ Երեւան խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը երկարաձգեց իր չորս ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնը: Այդ չորս ֆութպոլիստներն են` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Սթանիսլաւ Բուչնեւ, յետսապահներ ուքրանացիներ Անթոն Պրաթքով, Սերկէյ Վաքուլենքօ եւ ռուս Միհայիլ Քովալենքօ: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անոնց նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024: Նշենք, որ երեւանեան ակումբին գլխաւոր...

Page 297 of 1280 1 … 296 297 298 … 1,280

Արխիւներ