Ջերմուկի մէջ իր աւարտին մօտեցող Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքի 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ ուզպեք Նոտիրպեկ Եաքուպոյեւի հետ, անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 14-րդ շարժումին:
Մրցաշարքի աւարտէն հանգրուան մը առաջ միայն, հայ կրանտմասթըրը այժմ 5,5 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը, կէտի մը առաւելութիւն ունենալով Ռոպերթ Յովհաննիսեանի, Հայկ Մ. Մարտիրոսեանի, իրանցի Ամին Թապաթապայէի եւ ուզպեք Նոտիրպեկ Եաքուպոյեւի վրայ:
Այս հանգրուանին Յովհաննիսեան եւ Մարտիրոսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին յաջորդաբար Թապաթապայէի (սեւերով` 35-րդ շարժումին) եւ գերմանացի Ֆրետերիք Սվանէի հետ (ճերմակ քարերով` 54-րդ շարժումին):
Ներկայիս, Սեւեան կը նկատուի տիտղոսի գլխաւոր թեկնածուն:
Նշենք սակայն, որ 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին տեղի ունենալիք Սամուէլ Սեւեան-Ռոպերթ Յովհաննիսեան հանդիպումը պիտի ըլլայ` վճռորոշ: