Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») իր մասնակցութիւնը բերող Քէօլն իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր գլխաւոր մարզիչին` Շթեֆան Պաումկարթի հետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ է մինչեւ 30 յունիս 2025:
51 տարեկան մասնագէտը, իր պաշտօնը ստանձնեց մայիս 2021-ին:
Ընթացիկ տարեշրջանին անոր կազմը 31-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 38 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Քէօլնին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան: