Հայաստանի ֆութպոլի գործող ախոյեան Փիւնիկ Երեւան խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը երկարաձգեց իր չորս ֆութպոլիստներուն պայմանագրութիւնը:
Այդ չորս ֆութպոլիստներն են` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Սթանիսլաւ Բուչնեւ, յետսապահներ ուքրանացիներ Անթոն Պրաթքով, Սերկէյ Վաքուլենքօ եւ ռուս Միհայիլ Քովալենքօ:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անոնց նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024:
Նշենք, որ երեւանեան ակումբին գլխաւոր մարզիչն է Եղիշէ Մելիքեան: