Մարզական

Ժիւտօ.  Հայրենի Մարզիկները 5 Մետալի  Տիրացան Քաունասի Մէջ

Ժիւտօ. Հայրենի Մարզիկները 5 Մետալի Տիրացան Քաունասի Մէջ

Հայաստանի ժիւտոյի երիտասարդական հաւաքականը, Դաւիթ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ, յաջող ելոյթ ունեցաւ Քաունասի մէջ (Լիթուանիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի բաժակի մրցաշարքին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայրենի կազմը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ հինգ մարզիկով, տիրացաւ հինգ մետալի: Աշիկ Անդրէեան (60 քկ) եւ Մեսրոպ Նիկոյեան (66 քկ) տիրացան արծաթ մետալի, իսկ Վահէ Աղասեան (60 քկ), Արտակ Թորոսեան (73 քկ) եւ...

Սլովաքիոյ Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւն.  Տիգրան Բարսեղեանի  Կազմ Սլովան` Ախոյեան

Սլովաքիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Բարսեղեանի Կազմ Սլովան` Ախոյեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Տիգրան Բարսեղեան նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Սլովան Պրաթիսլաւայի հետ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Սլովաքիոյ ախոյեան: Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան, որ Տուքլայի դաշտին մէջ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ ապահովեց տարեշրջանի իր 69-րդ կէտը, անհասանելի դարձաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Տունաժսքա Սթրետայի համար, որ ունի 64 կէտ: Բարսեղեան, որ իբրեւ հիմնական...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Յաղթեց Էսփանիոլին  (4-2) Եւ Հանդիսացաւ Ախոյեան

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց Էսփանիոլին (4-2) Եւ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ հիւրը եղաւ Էսփանիոլին (նախավերջին), արձանագրեց, 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, քաթալոնական կազմը ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը` տարեշրջանի աւարտէն չորս հանգրուան առաջ: Պարսելոնա, որ այժմ ունեցաւ 85 կէտ, 14 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը ունի իր անմիջական մրցակից եւ երկրի գործող ախոյեան...

Լափորթա. «Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք, Որպէսզի  Պայմանագրութիւն Մը Կնքենք Մեսսիին Հետ»

Լափորթա. «Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք, Որպէսզի Պայմանագրութիւն Մը Կնքենք Մեսսիին Հետ»

Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա, ակումբին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովելէն ետք իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ. «Այժմ կրնանք խօսիլ իբրեւ ախոյեան: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք, որպէսզի դարձեալ պայմանագրութիւն մը կնքենք ակումբի նախկին ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսսիին հետ: «Արժանթինցիին վերադարձը, անկասկած, աւելի պիտի զօրացնէ մեր կազմը, եւ վստահ ենք, որ անոր հետ կրնանք յաւելեալ...

Մորաթա Շատ Հաւանաբար  Վերադառնայ Իտալիա

Մորաթա Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Իտալիա

Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ Ալվարօ Մորաթա շատ հաւանաբար վերադառնայ Իտալիա եւ դարձեալ իր մասնակցութիւնը բերէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ»): Ըստ իտալական մարզական մամուլին, սպանացի ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Ա. Սէ. Միլան: Մորաթա նախապէս երկու անգամ` 2014-2016 եւ 2020-2022 մաս կազմած է Եուվենթուսի: Այս տարեշրջանին ան սպանական ակումբին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 42 մրցումի, նշանակած 15 կոլ եւ կատարած...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ինթեր Միլան-Ա. Սէ. Միլան  Կիսաւարտականի Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան-Ա. Սէ. Միլան Կիսաւարտականի Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 16 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Ինթեր Միլան-Ա. Սէ. Միլան դարձի մրցումը: Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումին Ինթեր արձանագրեց 2-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուեցաւ ֆրանսացի Քլեման Թիւրփին: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, վաղը` չորեքշաբթի, 17 մայիսին իրարու դէմ պիտի մրցին...

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Սիթի 4 Կէտի  Առաւելութիւն Մը Ունեցաւ Արսենալի Վրայ

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի 4 Կէտի Առաւելութիւն Մը Ունեցաւ Արսենալի Վրայ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր Լիկ») 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրընկալեց Լիվըրփուլ քաղաքի կազմերէն Էվըրթընը, անոր դէմ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սիթիի նորվեկիացի 22 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, որ նշանակեց Սիթիի երկրորդ կոլը (39-րդ վայրկեանին), այսպիսով բարելաւեց իր հաստատած մրցանիշը` տարեշրջանի մը ընթացքին նշանակելով իր 36-րդ կոլը («Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ):...

Կռփամարտ. Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Բաչքով` Քառակի  Պրոնզէ Մետալակիր

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Բաչքով` Քառակի Պրոնզէ Մետալակիր

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի ախոյեան Յովհաննէս Բաչքով տիրացաւ իր չորրորդ պրոնզ մետալին` աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով: 63,5 քկ դասակարգի կիսաւարտականի մրցումին, Բաչքով, որ մրցեցաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ, Ասիոյ ախոյեան Ռուսլան Ապտիւլայեւի դէմ, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Յովհաննէս Բաչքով նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 2017-ին, 2019-ին...

Հայկական Ֆութպոլ.  Ուրարտու` Հայաստանի Բաժակակիր

Հայկական Ֆութպոլ. Ուրարտու` Հայաստանի Բաժակակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ուրարտու եւ Շիրակ Գիւմրի: Արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, Ուրարտու այսպիսով չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Մրցումին առաջին վայրկեանին, Ուրարտուի ռուս միջնապահ Տաւիտ Խուրցիծէ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: 6-րդ վայրկեանին, Շիրակի փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ...

Ծանրաբարձութիւն.  Ասիոյ Ախոյեանութիւն.  Գոռ Մինասեան Յաջորդաբար Երրորդ  Տարին Ըլլալով Հանդիսացաւ Ասիոյ Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Գոռ Մինասեան Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով Հանդիսացաւ Ասիոյ Ախոյեան

Հայաստանի հաւաքականին հետ ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացած Գոռ Մինասեան, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ Ասիոյ ախոյեան: Մինասեան, որ Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ ախոյեանութեան կը ներկայացնէր Պահրէյնի ազգային խումբը, 109 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 464 քկ արդիւնք մը, ոչ միայն տիրացաւ ոսկի մետալին, այլեւ բարելաւեց իր իսկ հաստատած Ասիոյ մրցանիշը: Նախորդ տարի...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ֆութպոլի  Զարգացման Մրցաշարք.  Հայաստանի Տղոց 15 Տարեկանէն Վար  Հաւաքականը Յաղթեց Վրաստանին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ֆութպոլի Զարգացման Մրցաշարք. Հայաստանի Տղոց 15 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Վրաստանին

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքին Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 15 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Վրաստանի իր հասակակիցներուն դէմ, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նշենք, որ Ա. հանգրուանին, Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտուած էր Կիպրոսէն, մինչ Բ. հանգրուանին` Լաթվիայէն (4-3` փենալթիներով): Կիպրոսի խումբը 6 կէտ ապահովելով տիրացաւ մրցաշարքի տիտղոսին:    

Պարսելոնա Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Առաջարկեց Տեմպելէին

Պարսելոնա Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկեց Տեմպելէին

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկեց ֆրանսացի իր միջնապահին` Ուսման Տեմպելէին: Այդ պայմանագրութիւնը պիտի երկարի մինչեւ յունիս 2027: Թէեւ անոր այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտը, սակայն քաթալոնական ակումբը մինչեւ 30 յունիս աշխատանք պիտի տանի համաձայնութեան գալ 25 տարեկան ֆութպոլիստին հետ: Տեմպելէով ցարդ հետաքրքրուած են Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն: Ընթացիկ տարեշրջանին ան ցարդ 20...

Ա. Սէ. Միլանի Միջնապահին Համար  Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Ա. Սէ. Միլանի Միջնապահին Համար Տարեշրջանը Աւարտեցաւ

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի ալճերիացի միջնապահ` Իսմայիլ Պենասերի համար 2022-2023 տարեշրջանը աւարտեցաւ, այս մասին յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ծունկի վնասուածքի պատճառով Ինթեր Միլանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») 17-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ ֆութպոլիստով մը, այս տարեշրջանին պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, որովհետեւ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի: Ընթացիկ տարեշրջանին, ան իր կազմին հետ կատարեց 40 մրցում, նշանակեց`...

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Իր Կազմին  Միացնել Ճոշուա Քիմիչը

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Ճոշուա Քիմիչը

Գերմանական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ այժմէն իսկ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու համար Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայերն Միւնիխին մաս կազմող գերմանացի միջնապահ Ճոշուա Քիմիչը: Արքայական ակումբը այժմէն իսկ փոխարինող կը փնտռէ` զօրացնելու համար իր միջնապահ գիծը, նկատի ունենալով, որ 2024-ի ամրան գերմանացի Թոնի Քրուս եւ խրուաթ Լուքա Մոտրիչ պիտի հեռանան կազմէն: 28 տարեկան Քիմիչի պայմանագրութիւնը`...

«Եուրոփա Լիկ».  Սեւիլլա Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց  Եուվենթուսի Հետ, Իսկ Ա. Էս. Ռոմա Յաղթեց  Պայէր Լեւերքուզընին

«Եուրոփա Լիկ». Սեւիլլա Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Եուվենթուսի Հետ, Իսկ Ա. Էս. Ռոմա Յաղթեց Պայէր Լեւերքուզընին

«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սեւիլլան, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին 26-րդ վայրկեանին, մարոքցի յառաջապահ Եուսուֆ Նեսիրի նշանակեց սպանական կազմին կոլը, մինչ իտալացի յետսապահ Ֆետերիքօ Կաթթի, որ դաշտ ներկայացաւ 61-րդ վայրկեանին, իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+7-րդ) նշանակեց Եուվէի հաւասարութեան կոլը: Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Սաութհեմփթըն Տարեշրջանի Աւարտին  Պիտի Փոխադրուի Բ. Դասակարգ

«Փրեմիեր Լիկ». Սաութհեմփթըն Տարեշրջանի Աւարտին Պիտի Փոխադրուի Բ. Դասակարգ

Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆուլհեմ, որ հիւրը եղաւ Սաութհեմփթընին, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` իր կոլերը նշանակելով Բ. կիսախաղին: Սաութհեմփթընի կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ անիկա մնայ ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքին վրայ: Ինչ ալ ըլլան վերջին երկու հանգրուանի մրցումներու արդիւնքները անիկա 18-րդ դիրքէն վեր պիտի չկարենայ բարձրանալ, ինչ որ կը...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Ուեսթ Համ Յաղթեց Ազ-Ալքմաարին,  Իսկ Պալ` Ֆիորենթինային

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Ուեսթ Համ Յաղթեց Ազ-Ալքմաարին, Իսկ Պալ` Ֆիորենթինային

«Եուրոփա Քոնֆըրընս-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն, Ուեսթ Համ եւ Պալ յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Ազ-Ալքմաարի եւ Ֆիորենթինայի դէմ, երկուքն ալ նոյն արդիւնքով` 2-1: Ֆիորենթինա թէեւ ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (25-րդ), սակայն Բ. կիսախաղին ստացաւ երկու կոլ, առաջինը` 71-րդ վայրկեանին, իսկ երկրորդը... 90+2-րդ վայրկեանին: Իսկ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Ուեսթ Համ իր կոլերը նշանակեց 67-րդ (փենալթիով) եւ 76-րդ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լէյքըրզ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Երկրին  Գործող Ախոյեան Ուորիըրզը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Երկրին Գործող Ախոյեան Ուորիըրզը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր դաշտին վրայ 122-101 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լէյքըրզ այսպիսով  4-2 արդիւնքով յառաջանալով մրցաշարքէն դուրս ձգեց երկրին գործող ախոյեան Ուորիըրզը: Ուորիըրզէն 32 կէտ նշանակեց Սթեֆըն Քարի, իսկ Լէյքըրզէն, Լեպրոն Ճէյմս` 30 կէտ: Այսպիսով, աւարտականին Լէյքըրզ կը մրցի Տենվըր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ-Տինամօ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ-Տինամօ

Վաղը` Սաժես Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 13 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, տեղի կ՛ունենայ Պէյրութ-Տինամօ երկրորդ մրցումը, առաջինի դաշտին` Շիահի մէջ: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումին, Տինամօ ինք էր, որ իր դաշտին մէջ յաղթանակ արձանագրեց` 88-81 արդիւնքով: Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, վաղը`...

Ճատրակ. Ստեփան Աւագեանի  Անուան Յուշամրցաշարք.  Սամուէլ Սեւեան Առանց Պարտութեան  Տիրացաւ Տիտղոսին

Ճատրակ. Ստեփան Աւագեանի Անուան Յուշամրցաշարք. Սամուէլ Սեւեան Առանց Պարտութեան Տիրացաւ Տիտղոսին

Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցած Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքը աւարտեցաւ ամերիկահայ 22 տարեկան Սամուէլ Սեւեանի յաղթանակով, որ առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով միանձնեայ գրաւեց առաջին դիրքը: Նշենք, որ կրանտմասթըր Սեւեան մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան (3 յաղթանակ եւ 6 հաւասարութիւն): 2-4-րդ դիրքերը 5-ական կէտով բաժնեցին ուզպեք Նոտիրպեկ Եաքուպոյեւ, իրանցի Ամին Թապաթապայէ, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան: Մրցաշարքին...

Page 296 of 1280 1 … 295 296 297 … 1,280

Արխիւներ