Երեւանի Ուրարտու թանգարանին մէջ բացուեցաւ նախկին Խորհրդային Միութեան անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Էդուարդ Մարգարովին նուիրուած անկիւն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մարգարովի հետ միջոցառման ներկայ գտնուեցան նաեւ Արամայիս Տօնոյեան, Արմէն Շահգելդեան, Արմէն Պետրոսեան, Արտաշէս Ադամեան, Պօղոս Գալստեան, Ռազմիկ Գրիգորեան եւ Վարդան Խաչատրեան:
Անոնք հանդիպեցան նաեւ Ուրարտուի ֆութպոլի ակադեմիայի սաներուն հետ եւ պատասխանեցին անոնց հարցումներուն:
Անցեալի ֆութպոլիստները ներկայ գտնուեցան նաեւ Ուրարտու-Նոա Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումին, մինչ Մարգարով կատարեց մրցումին առաջին հարուածը:



