Անգլիական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Կապոնի նախագահ Ալի Պոնկօ Օնտիմպա, հանդիպում մը ունեցած է երկրին ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկուն` Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի հետ:
Յայտարարուեցաւ, որ երկրին նախագահը Օպամեյանկէն խնդրած է լրջօրէն մտածել ազգային խումբ վերադառնալու մասին:
33 տարեկան ափրիկեցի փորձառու ֆութպոլիստը այժմ մաս կը կազմէ լոնտոնեան Չելսիին:
Նշենք, որ Օպամեյանկ, որ իր նշանակած 30 կոլերուն շնորհիւ երկրին ազգային խումբին պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգն է, շուրջ մէկ տարիէ ի վեր հեռու է ազգային խումբէն: