Ֆրանսական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար պատրաստ է հեռանալու մայրաքաղաքի կազմէն` նկատի ունենալով, որ ըստ շրջան ընող լուրերուն, ֆութպոլիստին փոխանցման հարցերով զբաղող անձերը նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած են:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Չելսի եւ Նիւքասըլ թէեւ հետաքրքրուած են 31 տարեկան ֆութպոլիստով, սակայն ան ցարդ պաշտօնական առաջարկ չէ ստացած անոնցմէ:
Նշենք, որ նախորդ փետրուարէն ի վեր ան բացակայ է կազմէն, վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք: