Սպանիոյ մաքսատնային կազմակերպութիւնը 15,7 միլիոն եւրօ տուգանքի ենթարկեց Պարսելոնան, որ ֆութպոլիստներուն վճարումները կատարելու ընթացքին խախտած էր մաքսային օրէնքները, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Պարսելոնա խախտումներ կատարած էր ակումբի նախկին ֆութպոլիստներ Արտա Թուրանին (1,3 միլիոն եւրօ) եւ Ալեքս Սոնկին (3,5 միլիոն եւրօ) հատուցումները վճարելու ընթացքին:
Քաթալոնական ակումբը, նաեւ հովանաւոր «Օտի» վաճառանիշով ինքնաշարժները, ֆութպոլիստներուն վարձու տալու ժամանակ չէ նշած անոնց վարձակալութեան արժէքը, ինչպէս նաեւ օդանաւային ճամբորդութեան ծախսերուն գիները:
Նշուեցաւ, որ մաքսատնայի կազմակերպութիւնը իր հետաքննութեան սկսած էր 2019-էն:


