Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտ 1-1 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Իր Հիւրին` Մանչեսթըր Սիթիի Հետ

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ 1-1 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Իր Հիւրին` Մանչեսթըր Սիթիի Հետ

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի առաջին ճակատումին, Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումին 36-րդ վայրկեանին արքայական ակումբի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս սքանչելի կոլով մը նուաճեց Սիթիի իր ազգակիցին` բերդապահ Էտերսոնի պաշտպանած բերդը: Բ. կիսախաղին սակայն, անգլիական ակումբը յաջողեցաւ նշանակել իր հաւասարութեան կոլը, շնորհիւ պելճիքացի միջնապահ Քեւին տը...

«Մարքա».  Պուսքեթց Որոշեց Հեռանալ  Պարսելոնայէն

«Մարքա». Պուսքեթց Որոշեց Հեռանալ Պարսելոնայէն

Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթց որոշեց հեռանալ իր ակումբէն, այս մասին յայտնեց անուանի «Մարքա» մարզաթերթը: Ֆութպոլիստը արդէն իսկ այս որոշումը տեղեկացուց իր խմբակիցներուն եւ այս գծով մօտիկ ապագային պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ մամուլով: Թէեւ խումբին մարզիչը` Չաւի կ՛ուզէ, որ ան մնայ, սակայն ակումբը պատրաստ է նոր պայմանագրութիւն մը կնքելու ֆութպոլիստին հետ միայն այն պարագային, եթէ ան համաձայն գտնուի աշխատավարձի 30 տոկոս կրճատման:...

Մեսսիի Կինը Դէմ Է  Սէուտական Արաբիա Հաստատուելուն

Մեսսիի Կինը Դէմ Է Սէուտական Արաբիա Հաստատուելուն

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի կինը դէմ է Սէուտական Արաբիա հաստատուելուն: Ինչպէս ծանօթ է, Հիլալ Մեսսիին առաջարկած է 400 հազար եւրոյի պայմանագրութիւն մը, սակայն Անթոնելլա Ռոքուցօ երբեք չի փափաքիր իր երեք որդիներուն հետ ապրիլ օտար մշակոյթ ունեցող երկրի մը մէջ, այս մասին կը յայտնէ ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛Էքիփ»-ը: Մեսսիի պայմանագրութիւնը...

Պարսելոնա Ֆութպոլի Բարեկամական  Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Թոքիոյի Մէջ

Պարսելոնա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Թոքիոյի Մէջ

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա 6 յունիսին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ ճափոնական Վիսել Քոպէի դէմ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ Վիսել Քոպէին մաս կը կազմէ Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Պարսելոնա 82 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 13...

Վարդան Բիչախչեան Կերտեց Փոկոնի  Յաղթանակը

Վարդան Բիչախչեան Կերտեց Փոկոնի Յաղթանակը

Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փոկոն, որ հիւրընկալեց Լեկիա Վարշաւան, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Փոկոնի յաղթանակի կոլը 88-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Վարդան Բիչախչեան: Ան այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 68-րդ վայրկեանին: Այս հանգրուանէն ետք, Փոկոն 54 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը, Լեկիա կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ (60 կէտ), մինչ առաջին դիրքին վրայ է Ռաքով...

Աննա Բադալեան Նիսի Մէջ Տիրացաւ  Երեք Մետալի

Աննա Բադալեան Նիսի Մէջ Տիրացաւ Երեք Մետալի

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Աննա Բադալեան, ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Վերի Նիս» մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերելով տիրացաւ երեք մետալի: Բադալեան ոսկի մետալներու տիրացաւ բազմամարտի եւ գնդակով կատարուած մրցումներուն, մինչ ժապաւէնով մրցումին տիրացաւ արծաթ մետալի:  

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ֆութպոլի Զարգացման Մրցաշարք.  Հայաստանի 14 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը  6-0 Արդիւնքով Յաղթեց Լիբանանին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ֆութպոլի Զարգացման Մրցաշարք. Հայաստանի 14 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը 6-0 Արդիւնքով Յաղթեց Լիբանանին

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի 14 տարեկանէն վար տղոց ֆութպոլի առաջին հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լիբանանի իր հասակակիցներուն դէմ, արձանագրեց 6-0 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը: Հայրենի կազմին վեց անպատասխան կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Երուանդեան (14-րդ` փենալթիով եւ 47-րդ), Կիրիլ Եդիգարեան (49-րդ եւ 53-րդ), Գէորգ Թումանեան (64-րդ) եւ Արտեոմ Յակոբեան (76-րդ): Հայաստանի հաւաքականին...

«Քալչիօ».  Սամտորիա Պարտուեցաւ  Եւ Պիտի Փոխադրուի Բ. Դասակարգ

«Քալչիօ». Սամտորիա Պարտուեցաւ Եւ Պիտի Փոխադրուի Բ. Դասակարգ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վերջին դիրքին վրայ գտնուող Սամտորիա, որ հիւրը եղաւ Ուտինեզէին (9-րդ), անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Անոր կրած այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Սամտորիա չկարենայ պահել իր տոմսը Ա. դասակարգին մէջ եւ 2023-2024 տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին: Ախոյեանութեան աւարտէն չորս հանգրուան առաջ, Սամտորիա 17 կէտով միայն կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման վերջին...

Ծեծկռտուք, 7 Կարմիր Քարտ  Եւ Փենալթի` 93-րդ Վայրկեանին

Ծեծկռտուք, 7 Կարմիր Քարտ Եւ Փենալթի` 93-րդ Վայրկեանին

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռիվըր Փլէյթ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ) յաղթանակ մը արձանագրեց Պոքա Ժունիորզին դէմ, շնորհիւ Միկել Պորխայի նշանակած կոլին: Նշանակուած այդ կոլէն ետք մարզադաշտին մէջ ստեղծուեցաւ խառնաշփոթ վիճակ մը: Այդ խառնաշփոթը սկսաւ Պոքայի բերդապահ Սերճիօ Ռոմերոյի եւ Ռիվըրի միջնապահ Ակուսթինօ Փարավեսինոյի միջեւ տեղի ունեցած հրմշտուքէն ետք, որուն միջամտեցին պահեստի մարզիկներն ու մարզիչները: Սկսաւ զանգուածային ծեծկռտուք, որ...

Պուսքեթց Եւ Ալպա Պատրաստ Են  Տեղափոխուելու Սէուտական Արաբիա

Պուսքեթց Եւ Ալպա Պատրաստ Են Տեղափոխուելու Սէուտական Արաբիա

Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի ֆութպոլիստներ Սերճիօ Պուսքեթց եւ Եորտի Ալպա պատրաստ են ֆութպոլիստի իրենց արհեստավարժ ասպարէզը շարունակելու Սէուտական Արաբիոյ մէջ, այս մասին կը յայտնէ սպանական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ անոնք տարեշրջանի մը ընթացքին հոն աւելի շատ եկամուտ պիտի ունենան, քան ինչ որ կրնան ստանալ Պարսելոնայի հետ, երեք տարեշրջանի ընթացքին: Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, այդ ակումբն է Հիլալը: Վերոնշեալ արաբական ակումբը...

Հերի Քէյն` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Պատմութեան  Երկրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Հերի Քէյն` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Պատմութեան Երկրորդ Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Թոթենհամ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Քրիսթալ Փալասին: Անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն, որ նշանակեց մրցումին միակ կոլը, այսպիսով դարձաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի պատմութեան երկրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը` իր նշանակած 209 կոլերուն շնորհիւ: Ան այսպիսով կոլով մը գերազանցեց Ուէյն Ռունին (208 կոլ), որ նահանջեց երրորդ դիրք: Մրցանիշը կը պատկանի անգլիացի Էլըն Շիրըրին, որ նշանակած է 260 կոլ:...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Կնքեց Մարքինիոսի Հետ

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց Մարքինիոսի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց պրազիլցի յետսապահ Մարքինիոսի հետ: 28 տարեկան խմբապետին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027: Պաշտօնական յայտարարութիւնը յետաձգուած էր` ակումբին Լորիանէն կրած պարտութեան պատճառով (3-1, 33-րդ հանգրուան): Մարքինիոս, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին միացաւ 2013-ին, ընթացիկ տարեշրջանին ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 41 մրցումի եւ նշանակած 2...

Հիլալ Պաշտօնական Առաջարկ Մը  Ներկայացուց Մեսսիին

Հիլալ Պաշտօնական Առաջարկ Մը Ներկայացուց Մեսսիին

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աշխարհի ախոյեան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի պաշտօնական առաջարկ մը ստացած է Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ ֆութպոլի խումբէն: Նշուեցաւ, որ այս առաջարկը ցարդ միակն է, որ ստացած է Մեսսի: Կ՛ակնկալուի, որ ան վերադառնայ Պարսելոնա, ուրկէ ան հեռացած էր 2021-ի ամրան, սակայն քաթալոնական կազմը պաշտօնական...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լոս Անճելըս Լէյքըրզ-Կոլտըն  Սթէյթ Ուորիըրզ` 3-1

«Էն. Պի. Էյ.» Լոս Անճելըս Լէյքըրզ-Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` 3-1

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ մեծ քայլ մը առաւ դէպի արեւմտեան շրջանի աւարտական հանգրուանը, երբ իր դաշտին վրայ 104-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը: Այս մրցումէն ետք, Լէյքըրզ այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը եւ միայն յաղթանակի մը պէտք ունի` ապահովելու համար աւարտականի իր տոմսը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ 92-50 Արդիւնքով Տպաւորիչ  Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժես Պէյրութի Դէմ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 92-50 Արդիւնքով Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժես Պէյրութի Դէմ

Կիրակի, 7 մայիսին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ իր կատարած առաջին մրցումին, մրցեցաւ Սաժես Պէյրութի դէմ, արձանագրեց 92-50 արդիւնքով բաւական մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը: Բ. հանգրուանի մրցումներուն ՀՄԸՄ կը մրցի Հուփսի դէմ: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի կազմին մարզիչն է Փոլ Աւետիսեան:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ` 2-0

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ` 2-0

Տինամօ-Պէյրութ` 1-0 Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական («ֆայնըլ ֆոր») հանգրուանի մրցումներուն, երբ կատարուեցան երեք ճակատումներ: Ռիատի Պէյրութ, արձանագրելէ ետք երկու յաղթանակ, այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Սաժես Պէյրութի վրայ: Անոնց միջեւ առաջին մրցումին, Ռիատի Ղազիրի մէջ արձանագրեց 86-81 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդ մրցումին Մանարայի մէջ արձանագրեց 93-89 արդիւնքով յաղթանակ մը: Առաջին...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Բաչքով 5-0 Արդիւնքով  Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Բաչքով 5-0 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Յովհաննէս Բաչքով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 63,5 քկ դասակարգի մրցումներուն, 1-16-րդ հանգրուանին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր թուրք մրցակիցը` Քանլը Պիլկէ Քականը: Երեք ռաունտերուն ալ, իրաւարարները յաղթանակը տուին հայրենի մարզիկին: Նշենք, որ 1-32-րդ հանգրուանին, Բաչքով յաղթած էր իր...

Թենիս. Մատրիտի  «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք.  Սպանացի Ալքարաս  Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Թենիս. Մատրիտի «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարք. Սպանացի Ալքարաս Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս, նախորդ շաբաթավերջին Մատրիտի թենիսի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսը պահեց իր մօտ, աւարտականի մրցումին 6-4, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք գերմանացի Եան-Լենարտ Շթրուֆին, որ աշխարհի դասաւորման մէջ դասուած է 65-րդ: Այսպիսով, 20 տարեկան սպանացի Ալքարաս տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզի «Էյ. Թի. Փի.»-ի 10-րդ տիտղոսին: Քարլոս Ալքարաս սպանացի Ռաֆայէլ...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի  Մրցաշարք.  Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր`  20-րդ Անգամ Ըլլալով

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ Տիտղոսակիր` 20-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քոփա Տել Ռէյ») աւարտական հանգրուանի մրցումը վերջ գտաւ Ռէալ Մատրիտի յաղթանակով, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օսասունան: Արքայական ակումբին յաղթանակը կերտեց պրազիլցի յառաջապահ Ռոտրիկօ, որ տուպլէ մը իրագործեց (2-րդ եւ 70-րդ): Վերջին անգամ 2014-ին տիտղոսակիր դարձած Ռէալ Մատրիտ այսպիսով 20-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը: Ռէալին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա,...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց,  Մարսէյ Պարտուեցաւ

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթեց, Մարսէյ Պարտուեցաւ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Թրուային, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Քիլիան Էմպափէ (8-րդ), փորթուգալցի Վիթինիա (59-րդ) եւ սպանացի Ֆապիան Ռուիս (86-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը այժմ 78 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` վեց կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Լանսի վրայ, որ...

Page 298 of 1280 1 … 297 298 299 … 1,280

Արխիւներ