Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Ալաշկերտ, որ հիւրը եղաւ Արարատ-Արմենիային, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հիւր կազմին միակ կոլը 70-րդ վայրկեանին նշանակեց էքուատորցի միջնապահ Ճէյսոն Ռասինես:
Այսպիսով, Վահէ Գէորգեանի գլխաւորած կազմը արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալաշկերտ, այժմ 57 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը, մինչ Արարատ-Արմենիա 66 կէտով 3-րդ դիրքին վրայ է:
Ուրարտու 73 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ Փիւնիկ-Երեւան 70 կէտով` երկրորդ դիրքը: