Գերմանական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Պայէրն Միւնիխի յառաջատարներէն Թոմաս Միւլըր շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն:
Կը նշուի, որ Միւլըր, մարզիչ Թոմաս Թուխելի ժամանումէն ետք, շատ աւելի նկատի կ՛առնուի իբրեւ պահեստի մարզիկ:
Եթէ 33 տարեկան ֆութպոլիստը որոշէ հեռանալ միւնիխեան խումբէն, ամէն գնով կը փափաքի միանալ այլ անուանի ակումբի մը` անոր հետ յաւելեալ տիտղոսներու տիրանալու համար:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պայէրնի հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 24 մրցումի, նշանակած 6 կոլ եւ կատարած 7 էսիսթ: