Անգլիական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ անգլիացի իր յառաջապահ Պուքայօ Սաքայի հետ մինչեւ 2028:
Նոր պայմանագրութեամբ 21 տարեկան ֆութպոլիստը, որ պիտի ստանայ շաբաթական 345 հազար եւրօ, այսպիսով պիտի դառնայ ակումբին ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
Ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 35 մրցումի, նշանակած 13 կոլ եւ կատարած 11 էսիսթ: