Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն այս ամրան ընթացքին պատրաստ է 100 միլիոն եւրօ վճարելու, իր կազմին միացնելու համար լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող անգլիացի միջազգային յառաջապահ Հերի Քէյնը:
Մայրաքաղաքի կազմը փոխարինող մը կը փնտռէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին, որուն պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի յառաջիկայ ամիս:
Հերի Քէյն, որ Թոթենհամին մաս կը կազմէ 2011-էն ի վեր, մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր ակումբին հետ:
Ընթացիկ տարեշրջանին, 29 տարեկան Քէյն ցարդ 46 մրցումի ընթացքին նշանակած է 28 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ: