Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի արժանացաւ տարուան լաւագոյն մարզիկի մրցանակին` «Լորէօս»-ի կողմէ:
«Լորէօս Ուորլտ Սփորթց Ըուըրտծ 2023»-ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ:
Մեսսի այս մրցանակին արժանացած էր նաեւ 2020-ին` ատիկա բաժնելով «Ֆորմիւլա-1»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի հետ:
Իսկ տարուան լաւագոյն խումբի մրցանակին տիրացաւ աշխարհի ախոյեան Արժանթինի կազմը: