«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն, Տենվըր Նակեթց մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ֆէօնիքս Սանզը` անոր դէմ արձանագրելով 125-100 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նակեթց այսպիսով ապահովեց արեւմտեան շրջանի աւարտականի իր տոմսը` 4-2 արդիւնքով յառաջանալով իր մրցակիցին վրայ:
Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս 95-86 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (3-3):
Շաբաթավերջի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, կրնան յստականալ այլ կազմերու անուններ ալ, որոնք կրնան ապահովել աւարտականի իրենց տոմսերը կամ կրնան դուրս մնալ մրցաշարքէն: