Ռուսիոյ սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Իլկար Մամետով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ սուսերամարտի միջազգային ֆետերասիոնը, Ռուսիոյ ներկայացուցիչներ, ողիմպիականի ախոյեաններ Եանա Եգորեանին, Սոֆիա Վելիկայային եւ Սոֆիա Փոկտնեաքովային թոյլտուութիւն չէ տուած մասնակցիլ միջազգային մրցումներուն եւ ատիկա` ողիմպիականի մեկնարկին տրուելէն տարի մը առաջ:
Ան յայտնեց ըսելով, որ միջազգային ֆետերասիոնէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կայ ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք չեն կրնար մասնակցիլ միջազգային մրցումներու:
Նշենք, որ նախորդ ապրիլին, սուսերամարտի միջազգային ֆետերասիոնը որոշած էր թոյլատրել Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցիլ միջազգային մրցումներու:


