Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքի 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան 23-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց գերմանացի Ֆրետերիք Սվանէի հետ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Սեւեան այժմ 5 կէտով միանձնեայ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
2-4-րդ դիրքերը կը բաժնեն Հայաստանի ներկայացուցիչներ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, իրանցի Ամին Թապաթապայէ եւ ուզպեք Նոտիրպեք Եաքուպոյեւ:
7-րդ հանգրուանին Մարտիրոսեան իր յաղթանակը արձանագրեց հայրենի ճատրակ խաղացող Արթուր Դաւթեանի դէմ, 41-րդ շարժումին, Յովհաննիսեան հնդիկ Նարայանանի հետ 30-րդ շարժումին (ճերմակ քարերով), մինչ Թապաթապայէ-Եաքուպոյեւ մրցումը եւս աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Մրցաշարքի աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն:


