Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի ֆութպոլի զարգացման մրցաշարքի Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի 14 տարեկանէն վար երկրորդ հաւաքականը, որ մրցեցաւ Լիբանանի դէմ, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ա. հանգրուանին Հայաստանի 14 տարեկանէն վար երկրորդ հաւաքականը 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Ուզպեքիստանէն, որ երկրորդ հանգրուանին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի 14 տարեկանէն վար առաջին հաւաքականին:
Նշենք, որ առաջին հանգրուանին Լիբանան կրած էր 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը Հայաստանի 14 տարեկանէն վար առաջին հաւաքականէն: