Մարզական

Պիչ Վոլիպոլ.  Հայաստան-Ազրպէյճան` 2-0

Պիչ Վոլիպոլ. Հայաստան-Ազրպէյճան` 2-0

Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող Արեւելեան Եւրոպայի աղջկանց պիչ վոլիպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի զոյգը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը: Սվեթլանա Մարգարեան-Նելլի Խաչատրեան զոյգը իր կատարած առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով (21-6 եւ 21-8) պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանի խումբը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Բ. հանգրուանին Հայաստան, որ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիթուանիայէն, Գ. հանգրուանին իրեն մրցակից...

«Արցախը Հայաստան Է». Ռումանական Ակումբին  Համակիրներուն Պարզած Պաստառը`  Ուրարտուի Մարզադաշտին Մէջ

«Արցախը Հայաստան Է». Ռումանական Ակումբին Համակիրներուն Պարզած Պաստառը` Ուրարտուի Մարզադաշտին Մէջ

Ուրարտու-Ֆարուլ Քոնսթանա մրցումին, որ կ՛իյնայ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, ռումանական կազմին համակիրները Ուրարտուի մարզադաշտին մէջ պարզեցին պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Արցախը Հայաստան է»: Հիւր կազմին համակիրները այս ձեւով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախին: Նշենք, որ զտումի Գ. հանգրուան հասնող խումբը հանդիսացաւ Ֆարուլ-Քոնսթանա:  

Ստեփանակերտի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ  Համահայկական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Ստեփանակերտի Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Համահայկական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

Շաբաթ, 5 օգոստոսին, Գիւմրիի Շիրակի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Բացման շքերթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ 8 ամիս շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի պատուիրակութիւնը: Ստեփանակերտի մարզիկները պիտի մասնակցին 6 մարզաձեւերու: Միջոցառման ներկայ եղան Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեան, քաղաքական անձնաւորութիւններ, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, օրէնսդիր եւ գործադիր...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր.  Աշիկ Անդրէեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալին

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Աշիկ Անդրէեան Տիրացաւ Ոսկի Մետալին

Հայաստանի ժիւտոյի երիտասարդական հաւաքականի անդամ Աշիկ Անդրէեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Քոնկոյի մայրաքաղաք Քինշասայի մէջ տեղի ունեցող ֆրանսախօս երկիրներու 9-րդ խաղերուն, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ ոսկի մետալի` 60 քկ դասակարգին մէջ: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ռիմա Խլղաթեան, փինկ փոնկի մրցումներուն տիրացաւ պրոնց մետալին: Իր կարգին, պրոնզ մետալի տիրացաւ Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականի անդամ Լեւոն Աղասեան, որ երեք քայլ ոստումի մրցումներուն արձանագրեց...

Համաշխարհային Ուսանողական Խաղեր.  Երուանդ Մկրտչեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Համաշխարհային Ուսանողական Խաղեր. Երուանդ Մկրտչեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Չինաստանի Շենկտու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ուսանողական խաղերուն, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ մետալին: 1500 մեթրի վազքի մրցումներուն, Երուանդ Մկրտչեան տիրացաւ պրոնզ մետալին: Նշենք, որ ան զտումի մրցումները յաղթահարած էր` գրաւելով առաջին դիրքը: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի աթլեթիզմի պատմութեան մէջ այս մետալը առաջինն էր` ուսանողական խաղերուն գծով: Հայաստանի առաջին մետալը (պրոնզ) այս խաղերուն ապահոված...

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան  Ախոյեանութիւն.  Մերի Թումասեան` Եւրոպայի  23 Տարեկանէն Վար Փոխախոյեան

Եւրոպայի Ծանրաբարձութեան Ախոյեանութիւն. Մերի Թումասեան` Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Փոխախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Մերի Թումասեան, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` 87 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ: 23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, հայ մարզիկը երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 208 քկ արդիւնք մը (93+115): Ան երկամարտի մրցումներուն 32 քիլոկրամով զիջեցաւ ախոյեանի կոչումին տիրացած աւստրիացի Սառա Ֆիշերին:

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ Երեւան Միակն Ըլլալով  Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան Միակն Ըլլալով Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան, «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, որ հիւրընկալեց շուէտական Քալմարը, անոր դէմ դարձեալ արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Եղիշէ Մելոքեանի գլխաւորած կազմին կոլերը նշանակեցին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտակ Դաշեան (75-րդ) եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան (77-րդ): Զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20  Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Լիանա Գիւրջեան` 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեան,  Իսկ Պետրոս Պետրոսեան` Փոխախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 20 Եւ 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Լիանա Գիւրջեան` 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեան, Իսկ Պետրոս Պետրոսեան` Փոխախոյեան

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիանա Գիւրջեան, 23 տարեկանէն վար 87 քկ դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 221 քկ արդիւնք մը (96+125), հանդիսացաւ ախոյեան: Իսկ Պետրոս Պետրոսեան 109 քկ դասակարգին մէջ երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 370 քկ արդիւնք մը (163+207), հանդիսացաւ փոխախոյեան, դարձեալ 23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:...

Հայաստան Աւելի Քան 140 Մարզիկով  Կը Մասնակցի ԱՊՀ-ի 2-րդ Խաղերուն

Հայաստան Աւելի Քան 140 Մարզիկով Կը Մասնակցի ԱՊՀ-ի 2-րդ Խաղերուն

4-14 օգոստոսին Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան ԱՊՀ-ի 2-րդ խաղերը, որոնց Հայաստան կը մասնակցի մեծ պատուիրակութեամբ մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Աւելի քան 140 պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներ Հայաստանի դրօշին տակ պիտի մասնակցին կռփամարտի, ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի, ժիւտոյի, քարաթէի, աթլեթիզմի, լողարշաւի, պիչ-վոլիպոլի, սամպոյի, նետաձգութեան, նշանառութեան, խոտի-հաքիի, մարմնամարզութեան եւ վոլիպոլի մրցումներուն: Խաղերուն...

Կարգը Հասաւ Հենրիխ Մխիթարեանին

Կարգը Հասաւ Հենրիխ Մխիթարեանին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան իր ակումբին` Ինթեր Միլանի պաշտօնական էջին ընդմէջէն հրապարակեց լուսանկար մը, ուր կ՛երեւին Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսները` միասնաբար: Այս լուսանկարին հրապարակումէն կարճ ատեն մը ետք, Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ բաւական զայրացած ըլլալով այս իրողութենէն, պաշտօնական բողոք մը պիտի ներկայացնէ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին` այս ուղղութեամբ: Այս լուսանկարին դէմ արտայայտուեցաւ նաեւ ազրպէյճանական Ղարաբաղ...

Աշխարհի Ըմբշամարտի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Արթուր Բրոյեան` Փոխախոյեան,  Իսկ Եուրիկ Մխիթարեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Աշխարհի Ըմբշամարտի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Արթուր Բրոյեան` Փոխախոյեան, Իսկ Եուրիկ Մխիթարեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Պոլսոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի  աշխարհի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Բրոյեան, որ 51 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին մրցեցաւ չէզոք դրօշի տակ հանդէս եկող Իլիա Քանտալինի դէմ, անկէ պարտութիւն մը կրելով հանդիսացաւ փոխախոյեան: Նախքան աւարտականին հասնիլը, Բրոյեան յաղթած էր իր իրանցի, խըրխըզ եւ հնդիկ մրցակիցներուն: 45 քկ դասակարգին մէջ, Եուրիկ Մխիթարեան 90 արդիւնքով յաղթելէ ետք վրացի Նիքա...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի  18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը  73-48 Արդիւնքով Յաղթեց Քոսովոյին

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 18 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը 73-48 Արդիւնքով Յաղթեց Քոսովոյին

Ալպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 18 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Գ. դասակարգի Բ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 73-48 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քոսովոն: Հայաստանի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աւա Օնիլ (26 կէտ եւ 8 ռիպաունտ): Նշենք, որ Հայաստան մրցաշարքը սկսած էր յաղթանակով` 75-45 արդիւնքով յաղթելով Մոլտովային: Մարզիչ Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորած կազմը...

Կռփամարտ.  Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ

Կռփամարտ. Աշխարհի Պատանեկան Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ

Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 2023-ի աշխարհի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Անիկա նախատեսուած է կայացնել նոյեմբեր-դեկտեմբերին, թէեւ մօտիկ ապագային շուտով պիտի հրապարակուի ճշգրիտ թուական մը: Նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 80-100 երկիրներ: 2022-ին Հայաստան առաջին անգամ հիւրընկալած էր Եւրոպայի կռփամարտի մեծերու ախոյեանութիւնը, իսկ նախորդ մայիսին` Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութիւնը:  

Համաշխարհային Ուսանողական Խաղեր.  Հայաստան Տիրացաւ Իր Առաջին Մետալին

Համաշխարհային Ուսանողական Խաղեր. Հայաստան Տիրացաւ Իր Առաջին Մետալին

Չինաստանի Շենկտու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ուսանողական ամառնային 31-րդ խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին: Ուու-Շուի մրցումներուն երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Ժիրայր Պետրոսեան ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, սակայն պարտութիւն մը կրելով տիրացաւ պրոնզ մետալին: 1500 մեթր վազքի մրցումներուն, Երուանդ Մկրտչեան զտումի մրցումներուն իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեց աւարտականին իր տոմսը: Աւարտական մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովեցին...

Նաքամուրա. «Վերջապէս Հասայ Պաքու` Աշխարհի  Բաժակին, Բայց… Լոգանքի Ջուր Չկար»

Նաքամուրա. «Վերջապէս Հասայ Պաքու` Աշխարհի Բաժակին, Բայց… Լոգանքի Ջուր Չկար»

Պաքուի մէջ աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին մասնակցելու համար Ազրպէյճան հասած ամերիկացի կրանտմասթըր, միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Հիքարու Նաքամուրա (2787) իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Վերջապէս հասայ Պաքու` մասնակցելու աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: «Բայց բաղնիքին մէջ լոգանքի ջուր չկար»: «Գերազանց սկիզբ...»: Մինչեւ 24 օգոստոս տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին, որ սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ներկայացուցիչները չեն մասնակցիր:    

Ռոնալտօ Գերազանցեց Կերթ  Միւլըրի Մրցանիշը

Ռոնալտօ Գերազանցեց Կերթ Միւլըրի Մրցանիշը

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Նասըրի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, թունուզեան Մոնասթիրի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ Արաբական ակումբներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, կոլի հեղինակ դառնալով նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Բ. հանգրուանի այս մրցումին, անոր կազմը արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի պատմութեան 38 տարեկան լաւագոյն ռմբաձիգը այսպիսով գերազանցեց գերմանացի անցեալի անուանի...

Լիվըրփուլ Ունեցաւ  Իր Նոր Խմբապետը

Լիվըրփուլ Ունեցաւ Իր Նոր Խմբապետը

Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյք նշանակուեցաւ անգլիական Լիվըրփուլի նոր խմբապետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իսկ խումբի փոխխմբապետ նշանակուեցաւ անգլիացի Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ: Նախորդ տարեշրջանին Լիվըրփուլի խմբապետն էր անգլիացի միջնապահ Ճորտըն Հենտըրսըն, որ տեղափոխուեցաւ Իթթիֆաք (Սէուտական Արաբիա): Նշենք, որ Վան Տիյք լիվըրփուլեան ակումբին մաս կը կազմէ 2018-էն ի վեր:  

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Պասքեթպոլ.  Լիբանանի 25 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային  Խումբը Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Պասքեթպոլ. Լիբանանի 25 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային Խումբը Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Քինշասայի մէջ (Քոնկօ) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքին գծով Լիբանանի 25 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն մրցեցաւ Քոնկօ Պրազավիլի դէմ, իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ 77-46 արդիւնքով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Նախքան նաք աութի դրութեամբ տեղի ունեցող այս մրցումներուն սկսիլը, Լիբանան գրաւած էր Ա. խմբակին (ընդամէնը` երեք խմբակ) պարագլուխի դիրքը: Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն.  Գարիկ Կարապետեան Ախոյեան Եւ Աշխարհի Մրցանշակիր

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Գարիկ Կարապետեան Ախոյեան Եւ Աշխարհի Մրցանշակիր

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան 102 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Գարիկ Կարապետեան ոչ միայն հանդիսացաւ ախոյեան, այլեւ հաստատեց աշխարհի նոր մրցանիշ մը: Երկամարտի մրցումներուն հայրենի ծանրաբարձը արձանագրեց 386 քկ արդիւնք մը (181+205 քկ):

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչները Այսօր  Կը Կատարեն Բ. Հանգրուանի Դարձի Իրենց Մրցումները

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչները Այսօր Կը Կատարեն Բ. Հանգրուանի Դարձի Իրենց Մրցումները

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` հինգշաբթի, 3 օգոստոսին: Հայաստանի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Ուրարտու կը հիւրընկալէ ռումանական Ֆարուլ Քոնսթանթան, որմէ երթին կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մինչ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ կալեսցի Օուըն Թոմաս Կերի: Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան,...

Page 270 of 1280 1 … 269 270 271 … 1,280

Արխիւներ