Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Նասըրի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, թունուզեան Մոնասթիրի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ Արաբական ակումբներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, կոլի հեղինակ դառնալով նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Բ. հանգրուանի այս մրցումին, անոր կազմը արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի պատմութեան 38 տարեկան լաւագոյն ռմբաձիգը այսպիսով գերազանցեց գերմանացի անցեալի անուանի յառաջապահ Կերթ Միւլըրի մրցանիշը:
Ռոնալտօ, որ վերջին հինգ մրցումներուն կոլ չէր նշանակած, այսպիսով նշանակեց իր 145-րդ կոլը` գլխու հարուածով:
Միւլըրի ետին (144 կոլ) երրորդ դիրքը կը գրաւէ սպանացի Քարլոս Սանթիլիանա (125 կոլ):