4-14 օգոստոսին Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան ԱՊՀ-ի 2-րդ խաղերը, որոնց Հայաստան կը մասնակցի մեծ պատուիրակութեամբ մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Աւելի քան 140 պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներ Հայաստանի դրօշին տակ պիտի մասնակցին կռփամարտի, ազատ եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի, ժիւտոյի, քարաթէի, աթլեթիզմի, լողարշաւի, պիչ-վոլիպոլի, սամպոյի, նետաձգութեան, նշանառութեան, խոտի-հաքիի, մարմնամարզութեան եւ վոլիպոլի մրցումներուն:
Խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 5 օգոստոսին, մայրաքաղաք Մինսքի մարզամշակութային «Մինսք-Արենա» համալիրին մէջ:
Ուշագրաւ է այն, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 11 քաղաքներու մէջ` մասնակցութեամբ 23 երկիրներու շուրջ հինգ հազար մարզիկներու, որոնք պիտի մասնակցին 20 մարզաձեւերու մրցումներուն:


