 Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող Արեւելեան Եւրոպայի աղջկանց պիչ վոլիպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի զոյգը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը:
Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող Արեւելեան Եւրոպայի աղջկանց պիչ վոլիպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի զոյգը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը:
Սվեթլանա Մարգարեան-Նելլի Խաչատրեան զոյգը իր կատարած առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով (21-6 եւ 21-8) պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանի խումբը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Բ. հանգրուանին Հայաստան, որ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիթուանիայէն, Գ. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վրաստանի Բ. խումբը:
 
			

