Չինաստանի Շենկտու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող համաշխարհային ուսանողական ամառնային 31-րդ խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին:
Ուու-Շուի մրցումներուն երկու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Ժիրայր Պետրոսեան ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, սակայն պարտութիւն մը կրելով տիրացաւ պրոնզ մետալին:
1500 մեթր վազքի մրցումներուն, Երուանդ Մկրտչեան զտումի մրցումներուն իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեց աւարտականին իր տոմսը:
Աւարտական մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ մարմնամարզիկներ Արթուր Աւետիսեան (օղակներու մրցում) եւ Գագիկ Խաչիկեան (նժոյգի մրցում):
Նշենք, որ ուսանողական խաղերուն Հայաստան ունի 14 ներկայացուցիչ` հետեւեալ 7 մարզաձեւերուն մէջ. լողարշաւ, մարմնամարզութիւն, աթլեթիզմ, ժիւտօ, Ուու-Շու, թեքուանտօ եւ նշանառութիւն: